Հաւատքի Եւ Յանձնառութեան Քուէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս ընտրուած են նախկին երեք նախագահներն ու երկու վարչապետները:

Անոնք ընտրուած են յուսահատութեան, մղձաւանջի, հոգեբանական անզօրութեան եւ բարոյալքութեան քուէներով: Անոնք չեն ընտրուած ազատ քաղաքացիի կամ արտայայտութեամբ: Անոնք չեն ընտրուած երկրի թռիչքը հոյակերտելու վճռակամութեամբ: Անոնք չեն ընտրուած երկրի ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներուն հուժկու կորովով հակադարձելու կամքով: Անոնց շուրջ կազմուած եւ կազմուող «մեծամասնութիւնները» երկրին պարտուողականութիւնն է, որ կը խորհրդանշեն եւ կը մշտնջենաւորեն: Այդ խախուտ «մեծանասնութիւններուն» մէջ չկայ մեր ազգային հպարտութիւնը: Անոնք կը ներկայացնեն մեզի համար անընդունելի ներկայ իրավիճակը: Ներկայի անփոփոխ, անկերպարան, ամօթալի սթաթիւս քուոն:

Իմ սրտագին ցանկութիւնն է եւ կոչը, որ վաղը առաւօտ մեր հայրենիքի քաղաքացիները իջնեն քուէատուփ` իրենց հզօր կամքը դնելով պատմութեան նժարին վրայ եւ ընտրեն ազատ մտքով, ազատ ոգիով, ազատ կամքով: Տան իրենց քուէն կեանքը հիմնովին փոխելու հաստատակամութեամբ: Տան մարդու իրենց տեսակին եւ երկրի գերազանցութեա՛ն համար:

Այս երկիրը պիտի փոխուի, պիտի յեղափոխուի՛, որպէսզի ամէն հայ վերագտնէ իր հպարտութիւնը: Իմ կուսակցութիւնս այս արմատական առաջադրութիւնն է, որ դրած է երկրին առջեւ եւ այդ առաջադրութեամբ զօրաշարժի ենթարկած` բոլոր իր ուժերը երկրի եւ արտերկրի մէջ: Բարոյական այս հզօր պայմանագի՛րը` մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան հետ: Հաւատքով եւ յանձնառութեա՛մբ:

Բարի՛ երթ բոլորին:

Ուաշինկթըն 30 Նոյեմբեր, 2018