Սպասելով Պատկերասփռուելիք Բանավէճին

Uncategorized

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5-ին, Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակից դաշինքներու եւ կուսակցութիւններու բոլոր առաջին դէմքերը պիտի մասնակցին պատկերասփիւռէն ուղղակի սփռուելիք բանավէճի մը. հայաստանեան մակարդակի վրայ ողջունելի նորարարութիւն մը, որմէ սակայն մեծ ակնկալիքներ պէտք չէ ունենալ` նկատի ունենալով նախընտրական քարոզչութեան պարզած ներկայ խղճալի պատկերը:

Այդ բանավէճը կրնար քուէարկողին համար հիանալի առիթ մը ըլլալ` լսելու եւ բաղդատելու տարբեր ծրագիրները, ապա ընտրելու այն, որ, ըստ իր դատողութեան, առաւելագոյնս կը համապատասխանէ իր եւ երկրին շահերուն, սակայն նախընտրական պայքարին մինչեւ օրս պարզած անմխիթար վիճակն ու ցած մակարդակը այդ ուղղութեամբ յոյս չի ներշնչեր:

Ներկայ իրավիճակը արդիւնք է ընտրապայքարին մասնակից քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան մօտ քաղաքական ծրագիրներու չգոյութեան: Անոնք ցեխարձակումներ կատարելով եւ սպառնալիքներ ուղղելով կը զբաղին, որովհետեւ չունին ծրագիր մը, որուն մասին խօսին, ուստի իրենց մերկութիւնը ծածկելու համար արհեստականօրէն կը սրեն իրավիճակը:

Այս պայմաններուն մէջ ՀՅԴ-ի նման քաղաքական ուժի մը համար դժուար է ծրագրային քարոզարշաւ կատարել, երբ ուրիշներ ամբողջ ընտրապայքարը դիտաւորեալ կերպով ուղղած են զգացականութեան դաշտ` զայն հեռու պահելով իրենց համար մեծ վտանգ ներկայացնող դատողութեան դաշտէն:

Դեկտեմբերի երեկոյեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը քուէարկողներուն պիտի ներկայացնէ ՀՅԴ-ի ընտրական ծրագիրը, որ կը վերաբերի հողին ու իւրաքանչիւր հայ անհատին, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը, որ մնացեալ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները շարունակեն իրենց աղմկարարութիւնն ու սնամէջ բանավէճերը, եւ ազգովին խայտառակուինք յաչս քաղաքակիրթ աշխարհին: Պատկերասփռուելիքը այն նոյն տգեղ պատկերն է, որ կայ: Կը յուսանք, որ մեզի կը խնայուի այդ խայտառակութիւնն ու ժամանակի մսխումը: