Քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօն եւ Ճեքի Սփիրը Կովկասի Ականազերծման Աջակցող Խումբ Ստեղծած Են (տեսանիւթ)

Աշխարհ

Ամերիկացի քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօն իր գործընկերուհի Ճեքի Սփիրի հետ հիմնած է երկկուսակցական քոնկրեսական խումբ, որ պիտի աջակցի աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ` Կովկասի ռազմական գօտիները զինամթերքէ, ականներէ ու պատերազմի միւս պայթիւնավտանգ մնացորդներէն մաքրելու կենսական նշականութեան ծրագիրներու իրականացման: Այս մասին կը տեղեկանանք ԱՄՆ Հայ դատի գրասենեակի (ANCA) պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջէն:

Իր խօսքին մէջ Ներկայացուցիչներու պալատ վերընտրուած Վալատաօն յայտնած է, որ պատերազմներու ժամանակ չպայթած զինամթերքի ծանր հետեւանքներու մասին իմացած է The HALO Trust ծրագիրէն, որ այժմ կը զբաղի Արցախի տարածքներու ականազերծմամբ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Քոնկրէսը 1,5 միլիոն տոլար յատկացուցած է 2020-ի դրութեամբ Արցախը ամբողջութեամբ ականազերծելու ծրագիրին:

Վալատաոյի գործընկերուհի, հայկական արմատներ ունեցող Ճեքի Սփիր նշած է, որ ռազմական  գործողութիւնները նոյնիսկ աւարտուելէ տասնամեակներ անց ծանր հետեւանքներ կը ձգեն մարդոց վրայ: