Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Դեկտեմբեր 1-ին Դուրս Պիտի Բերուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 1-ին դուրս պիտի բերուի աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի տօնախմբէ Դեկտեմբեր 1-ին:

Առաքեալներու տօնը Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով դեռեւս 2015-ին հռչակուած է աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր: Տօնին առիթով Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որու ընթացքին տաճար պիտի բերուի Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող համաքրիստոնէական սրբութիւնը` Սուրբ Գեղարդը:

Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին: