Նիքոլա Ազնաւուր Այժմ Աշխուժօրէն Հայերէն Կը Սորվի

Սփիւռք

Աշխարհահչրակ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլան, Նոյեմբեր 29ին Մոսկուայի մէջ Ռուսարմինֆօ-ին պատմած է, թէ ինչպէս որոշած է Հայաստան տեղափոխուիլ եւ ինչպէս կը զգայ իր նախնիներու երկրին մէջ, կը հաղորդէ “Նիուզ”-ը։

Զուիցերիա մեծացած Նիքոլան բազաթիւն անգամներ եղած է Հայաստան, սակայն տեղափոխուելու մասին վերջնական որոշումը այս տարի կայացուցած է:

«Ես կը սիրեմ Երեւանը, ան ինծի համար հաճելի է, այնտեղ յարմարաւէտ է»,- նշած է Ազնաւուր-կրտսերը` կիսելով Հայաստանի մայրաքաղաքի մասին իր տպաւորութիւնները:

Գլխաւոր դժուարութիւնը, որ ունի հայերէն լեզուի չիմացութիւնն է:

«Այժմ ես աշխուժօրէն հայերէն կը սովորիմ: Սակայն հայոց լեզուն շատ բարդ է, բայց կամաց-կամաց կը ստացուի: Ապրելով Երեւան` ես կրնամ արագացնել իմ սորվիլը»,- ըսած է Ազնաւուրի որդին:

Նիքոլան, որ մայրական կողմէն շուէտական արմատներ ունի, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ իրեն յաճախ հայ չեն համարեր, եւ ստիպուած կ՛ըլլայ ապացուցել, որ ինքը «իսկական հայ է»:

«Ես հայ եմ, եւ ատիկա չի քննարկուիր: Հնարաւոր է` ես արտաքինով նման չեմ հայու, սակայն ֆրանսերէնին մէջ արտայայտութիւն մը կայ` «հագուստը, որ կը կրես, քեզ չի դարձներ այն , որ դուն կը հանդիսանաս: Ատիկա, իրօք, այդպէս է»,- ծիծաղելով նշած է Նիքոլա Ազնաւուրը:

Ան նաեւ խոստովանած է, որ շատ յաճախ Հայաստանի մէջ, երբ կ՛երթայ շուկայ, ուր կը սիրէ երթալ հանգստեան օրերուն, մարդիկ իրեն հետ ռուսերէն կը խօսին, բայց, որպէս պատասխան, ան գլուխը թափահարելով հայերէն կը պատասխանէ, որ ինք ռուսերէն չի խօսիր: