Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ վերջինիս հրաւէրով Լիբանան գտնուող Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի անդամներ:

Հանդիպումի ընթացքին խօսք առաւ Գիւմրիի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեան, որ ներկայացնելէ ետք դերասանները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ թատերախումբին մասին, ու վեհափառ հայրապետին ներկայացուց թատրոնին ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները:

Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց մշակոյթի դերը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ: Խօսելով թատրոնին մասին` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց թատրոնին կարեւոր դերը մշակոյթի, գրականութեան եւ միտքի զարգացման մէջ` ըսելով. «Արուեստի կողքին, թատրոնը կը հետապնդէ դաստիարակչական առաքելութիւն. լաւ թատրոն է այն թատրոնը, որ հանդիսատեսի միտքին մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ ներկայացումէն ետք, որովհետեւ հանդիսատեսի միտքին ու հոգիին մէջ պատգամ մը ձգած կ՛ըլլայ»:

Նշենք, որ թատերախումբը Լիբանան կը գտնուի այս շաբաթավերջին ներկայացնելու երեք ներկայացումներ` «Հարսանիք թիկունքում», «Սիրոյ քեսթինկ» եւ «Երկնագոյն շան աչքեր» թատերախաղերը: