Փայլան Կը Խօսի Հայ-Թրքական Սահմանին Բացման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ 2019 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակ մնալուն հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Եթէ սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, մարդիկ աւելի մեծ թիւով պիտի երթան եւ գան, ու եթէ հարցեր ունինք, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք լուծել զանոնք: Այս պատճառով, կը կարծենք, որ սահմանները բանալու նոր գործընթաց սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ»,- ըսաւ Փայլան:

Իր ելոյթին մէջ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ երկրի ներքին ընկերային հարցերուն՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը բազմանայ աղքատութիւնը, իսկ մարդոց գնելու կարողականութիւնը կը նուազի: