Աշտարակի Մէջ Բացուած է «Գինիի Բակ» եւ «Աշտարակաց Մառան» (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

Նոյեմբերի 10-ին, Աշտարակ համայնքի ղեկավար Թովմաս Շահուերտեան մասնակցած է Աշտարակի մէջ «Գինիի Բակ»-ի (հասցէ՝ Սմբատ Շահազիզի 8) եւ «Աշտարակաց մառան»-ի (հասցէ՝ Տէրեան 1) բացման պաշտօնական արարողութիւններուն: Այս մասին կը յայտնեն Աշտարակի համայնքապետարանէն։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեան, ՄԱԶԾ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Մարիասին, Աշտարակ համայնքի ղեկավարը եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Գինիի Բակը իւրայատուկ զբօսաշրջային վայր է, ուր հիւրերը հնարաւորութիւն ունին համտեսելու գինի, ականատես ըլլալու գինիի ստեղծման ընթացքին եւ շփուած տեղի բնակիչներուն հետ:

Աշտարակացի մառանը հայկական բակ մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան համտեսել հայկական աւանդական ուտեստներ եւ այցելել այնտեղ գտնուող հետաքրքրական իրերով լի թանգարանը, որ կը գտնուի Աշտարակ քաղաքի Տէրեան 1 հասցէին վրայ։