Ալեքսիս Օհանեան Հայաստանի Համար Գաղտնի Նախագիծ Մշակած է. Անիկա Արդէն Պատրաստ է Ներկայացման

Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկահայ գործարար, «Reddit» ընկերային ցանցի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան Հայաստանի համար մշակած է գաղտնի  նախագիծ, որ արդէն պատրաստ է ներկայացման: Ինչպէս կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին Օհանեան յայտնած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կատարած արձանագրութեամբ:

Ալեքսիս Օհանեան լուսանկար հրապարակած է Հայաստանի շախմատի ակադեմիայէն` լուսանկարին կից կատարելով հետեւեալ գրութիւնը. «Գաղտնի նախագիծը, որու վրայ ես աշխատած եմ, գրեթէ պատրաստ է` ձեզի հետ կիսուելու համար: Յուշում` անիկա կը ներառէ համբերութիւն, յամառութիւն եւ իմաստութիւն»: Ասկէ կարելի է ենթադրել, որ նախագիծը կապուած է շախմատի հետ:

Օհանեան նախագծին անդրադարձած է նաեւ «Ֆեյսպուք»-իր էջին վրայ կատարած յաջորդ գրաթիւններուն մէջ: Ան հրապարակած է լուսանկար, ուր  ինք իր դստեր հետ կը դիտէ հայկական խաչքար մը, որ կը ցուցադրուի «Մեթրոփոլիթէն» թանգարանին մէջ բացուած «Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէսին : Այդ լուսանկարին կից իր գրութեան մէջ Ալեքսիս Օհանեան եւս մէկ անգամ անդրադարձած է նախագծին: «Մշակոյթի համար: Աւելի ոգեշնչուած եմ  Երկուշաբթի լատարելիք յայտարարութեան համար»,- գրած է ան:

Թեմային վերաբերեալ եւս մէկ գրաթիւն Օհանեան կատարած է Նոյեմբեր 11-ին. «Արդէն ժամանակն է ընկերներ, գաղտնի նախագիծը պիտի ներկայացուի վաղը»: