Թուրք Յայտնի Փորձագէտ-Համտեսողը Հիացած է Մուսալեռցի Ճաշարանատիրոջ Արեւմտահայերու Ուտեստներով ու Մօտեցումով

Աշխարհ, Սփիւռք

Թրքական ամենաընթերցուող թերթը համարուող «Հիւրրիէթ»-ի թերթին մէջ թուրք ամենայայտնի փորձագէտ-համտեսող Վետաթ Միլոր այս անգամ անդրադարձած է Պոլսոյ կեդրոնին մէջ գտնուող հայկական ճաշարաններէն մէկուն` համտեսելով այստեղ  արեւմտահայերու խոհանոցի տարբեր աւանդական ուտեստներ, կը հաղորդէ “Թերթ”-ը:

Մուսալեռցի հայերու կողմէ Պէյօղլու շրջանին մէջ հիմնուած ճաշարանը գրաւած է Միլորի ուշադրութիւնը յատկապէս անհատական մօտեցմին, հայկական տոլմայի իւրայատուկ համի ու անձնակազմի աշխատասիրութեան շնորհիւ:

«Ես այդքան ալ չեմ սիրեր մարդաշատ ճաշարանները, որովհետեւ, շատ կը ներէք, ընդհանրապէս յաճախորդներուն կենդանիներու հօտի պէս կը վերաբերին։ Այսպիսի մօտեցում ունին. «Ես քու կարիքը չունիմ: Ինչպէս ալ ըլայ՝ ճաշարանս լեցուն է»: Այստեղ ես տեսայ Արէտը: Եթէ ճաշարան բանամ` աշխատողներս խորտկագիտութեան (gastronomy) դպրոց ուղարկելու փոխարէն անոր մօտ կ’ուղարկեմ: Որովհետեւ լաւ ճաշարան աշխատեցնողը պէտք է պարբերաբար ժամանակ անցնէ այցելուներուն հետ, նայի անոնց ոչ որպէս կենդանի դրամապանակ, այլ ընկեր: Եւ իսկապէս պէտք է սիրես գործդ: Պարոն Արէտը ունի այդ բոլոր յատկութիւնները եւ իտէալական մասնագէտ է այս բնագաւառին մէջ»,– կը պատմէ Միլոր:

Քննադատը յատկապէս հաւնած է հայկական ճաշարանին մէջ մատուցուած ձիթապտուղի ձէթով պատրաստուող պղպեղով տոլման եւ պոլսահայերու աւանդական նախուտեստներէն համարուող թոփիքը:

«Տոլման առատ էր պիստակով, համեմուած էր դարչինով: Ուղղակի հրաշալի է: Յայտնի հայկական նախուտեստ թոփիքն ալ արժանավայել պատրաստուած էր», – նշած է փորձագէտը:

Միլոր զարմանքով նկատած է, որ ճաշարանի հայ տէրը ամսուան մէջ կը հանգստանայ երկու օր եւ ճաշարանին մէջ տքնաջան կ՛աշխատի օրական 14 ժամ: