Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վաւերագրական Ֆիլմի ու Գիրքի Շնորհանդէս «Սօսէ» Շարժանկարի Փառատօնի Արտամրցութային Ծրագիրին

Այլեւայլ, Հայաստան

«Սօսէ» հինգերորդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի արտամրցութային ծրագիրին պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Մարթա Հաուզքիի (ԱՄՆ, սենարի հեղինակ եւ արտադրող Մարթա Հաուզքի, կինեմաթոկրաֆ Փիթ Ուորիլօ) «Անապատի ագռաւները. հերոսի ճանապարհորդութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան միջով» վաւերագրական ֆիլմը։ Ըստ Armenpress.am-ի՝  նկարահանումները աւարտած են 2016-ին։ Մէկ ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ֆիլմի հիմքը Լեւոն Եօթնախպարեանի յիշողութիւններն են։

Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բացառիկ փաստեր, որոնք կը վկայեն հայերու դէմ կատարուած յանցագործութիւններու եւ հայ որբերու նկատմամբ ոտնձգութիւններու մասին։ Ֆիլմը կ՝անդրադառնայ Ուրֆայի հայերու ողբերգական տեղահանման։ Կը ներկայացուին փաստեր Լեւոն Եօթնախպերեանի կատարած հերոսական սխրագործութիւններուն մասին։

Ասիկա անհաւանական թուացող, բայց իրական պատմութիւն է մարդու մը խիզախ պայքարի մասին, որ «կռիւ» կը մղէր ոչ միայն ողջ մնալու, այլեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն փրկուած իր երիտասարդ հայ ընկերներուն օգնելու համար։

Պատմութիւնը կը բացայայտէ, թէ ինչպէս տարբեր մշակոյթներու եւ հաւատքի տէր մարդիկ՝ քրիստոնեայ, մահմետական, իսլամիստ, իրենց օգնութեան ձեռք մեկնած են հայ փախստականներուն: Ֆիլմը կ՝անդրադառնայ նաեւ այդ տարիներուն հրեաներու հայերուն օգնելու փաստին։

Ֆիլմը ուշագրաւ է աշխարհի տարբեր արխիւներէ գտնուած փաստաթուղթերու եւ լուսանկարներու շնորհիւ։ Անոնք կը վկայեն գրեթէ մէկ դար առաջ Սուրիոյ անապատին մէջ տեղի ունեցած անիրական թուացող պատմութեան ողբերգական ու մարդկային տոկունութեան մասին։

Ֆիլմին հետ միասին պիտի ներկայացուի «Անապատի ագռաւները»  Լեւոն Եօթնախպերեանի յուշերը ամփոփոխ գիրքը, որուն խմբագիրներն են Լեւոն եւ Մարօ Փարեանները, Լեւոնը կը սերի Եօթնախպերեաններու ընտանիքէն։ Անիկա կը ներառէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փիկուած հայու դրամատիկ պատմութիւնը՝ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայութիւն անցնելէն մինչեւ անապատով փախուստ։ Բայց մէկ անգամ չէ, որ ան կը վերադառնայ անապատ՝ փրկելու մահուան դատապարտուած մոլորեալ ու որբացած հայորդիները։

Ֆիլմի ցուցադրութիւնն ու գիրքի շնորհանդէսը նախատեսուած է «Սօսէ» հինգերորդ միջազգային շարժանկարի փառատօնին ընթացքին՝ Նոյեմբեր 21-ին։ Ներկայ պիտի ըլլայ Լեւոն Փարեանը, որ աջակցած է նաեւ ֆիլմի ստեղծման։