Հայրենադարձ Երեխաներու Համար «Շիրակացու Ճեմարան»-ին Մէջ Կը Կազմակերպուի Անհատական Ուսուցում

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքահայ ընտանիքներու համար շատ յաճախ հայրենադարձուելու շարժառիթ կը հանդիսանայ երեխաներու ապագայի հանդէպ մտահոգութիւնը: Ծնողները կը ցանկան, որ իրենց զաւակները Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կրթութիւն ստանան, այլեւ իրենց ապագան կերտեն:

Հայաստանեան դպրոցներուն մէջ, սակայն, շատ յաճախ հայրենադարձ երեխաները կը բախուին տարաբնոյթ խնդիրներու: Երեւանի «Շիրակացի ճեմարան»  միջազգային գիտակրթական համալիրն այն հաստատութիւններէն է, ուր կը մշակուին յատուկ ծրագիրներ, ուսուցման մեթոտներ` Հայաստան տեղափոխուած երեխաներուն կրթական գործընթացին  ներգրաւելու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հոգեբանական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի:

«Մեր ուսումնական հաստատութեան մէջ հայրենադարձ երեխաներու համար կը կազմակերպուի անհատական ուսուցում, եթէ ան տուեալ տարիքային խումբի ծրագրային չափորոշիչներով դասաւանդում անցնելու համար բաւարար գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, Մայրենիի իմացութիւն չունի: Կը մշակուի համապատասխան անհատական ծրագիր` դիմորդին որոշակի ժամանակահատուածին տարիքային խումբի ուսումնառութեան ներառելու համար», «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Շիրակացի ճեմարան»ի տնօրէնի խորհրդական եւ Մաթեմատիկայի ամպիոնի վարիչ Գագիկ Թոռչեան` աւելցնելով, որ խումբին մէջ որոշ առանձնայատկութիւններ ունեցող սաներու հանդէպ կը կիրառուին անհատական մօտեցումներ եւ տարբերակուած ուսուցման մեթոտներ:

Խօսելով հայրենադարձ երեխաներու մօտ նկատուող դժուարութիւններու մասին` Գագիկ Թոռչեան նկատեց, որ անոնք հիմնականօրէն կը բախուին լեզուական, առարկայի ակադեմական գիտելիքներու բացակայութեան, Հանրապետութեան առարկայական ծրագիրներու, այլ համայնքներու մէջ առկայ ծրագիրներու բովանդակային, մշակութային տարբերութիւններու եւ  ռուսերէնին չտիրապետելու խնդիրներուն: Սակայն անոնց համար կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր, որպեսզի յաղթահարեն առկայ բարդութիւնները:

Սաներուն հետ հոգեբանական զրոյցներ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան պարագային Ճեմարանի հոգեբանական ծառայութիւնը կ´իրականացնէ համապատասխան աշխատանքներ, նաեւ կը միջամտէ հոգեբանութեան կեդրոնը, կ´օգնեն խումբի մանկավարժ-հոգեբանը եւ դասաւանդող ուսուցիչները:

“Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական խոչընդոտները բանաւոր խօսքին մէջ աւելի հեշտ կը յաղթահարուի, դժուարութիւններ կ´առաջանան գրաւոր խօսքին մէջ` պայմանաւորուած երկու գրական լեզուներուն մէջ առկայ ուղղագրութիւններու, բառապաշարային եւ քերականական տարբերութիւններով: Այս ամէնը հաշուի առնելով` կը կազմուին անհատական ուսուցման ծրագիրներ»,-նշեց Գագիկ Թոռչեան:

Զրոյցի ընթացքին պարզ դարձաւ նաեւ, որ գիտակրթական համալիր կը յաճախէ մէջ մօտ 70 հայրենադարձ երեխայ: Համեմատութեան կարգով, հայերէն աւելի լաւ կը խօսին, հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան քաջատեղեակ են հիմնականին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն եկած երեխաները:

Գէորգ Չիչեան