Աշխատանքային Այցով Գիւմրի էր ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան

Հայաստան

Նոյեմբեր 8-ին աշխատանքային այցով Գիւմրի էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: Այցի հիմնական նպատակը Շիրակի երկրագիտական թանգարանին յանձնուած նախկին վիրաբուժական հիւանդանոցի կառոյցի պայմաններուն ծանօթանալն էր:

Արմէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ կառոյցի նախագծման աշխատանքերը իր վրայ կը վերցնէ «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամը: «Ոչ որպէս նախագահ, այլ որպէս «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամի միջազգային խորհուրդի նախագահ կը տեղեկացնեմ, որ խորհուրդը հաստատած է` «Երեւան, իմ սէր»-ը Շիրակի երկրագիտական թանգարանի կառոյցի վերականգնման նախագծային աշխատանքներու համար անհրաժեշտ ծախսը իր վրայ կը վերցնէ»,- նշած է ՀՀ նախագահը: Կառավարութեան որոշմամբ Շիրակի երկրագիտական թանգարանին անհատոյց օգտագործման յանձնուած է Գալուստ Կիւլպենկեանի անուան հիւանդանոցի նախկին շէնքը:

Այցի ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան եղաւ նաեւ Գիւմրիի արհեստագիտական կեդրոն եւ Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան: «Այսօր Գիւմրի չեմ եկած որպէս նախագահ, այլ որպէս Արմէն Սարգսեան անձ, որ ժամանակին խոստացած էր, որ հետեւի թանգարանի ապագային: Այս թանգարանը պիտի ծառայէ ոչ միայն Շիրակին, այլեւ ողջ հանրապետութեան: Գիւմրին միայն բնակելի տուներու կարիք չունի, շատ կարիքներ ունի` աշխատատեղերու ու հին քաղաքի վերականգնման, որ զբօսաշրջիկները սկսին այցելելու, ինչ որ նոր հնարաւորութիւն պիտի տայ: Գիւմրին իւրայատուկ ու տարբերուող քաղաք է, որ ամէն ինչէն բացի, իր հինն ու ժառանգութիւնը պահպանած է»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշեց ՀՀ նախագահը` ցաւով փաստելով, որ երկրաշարժէն 30 տարի անց դեռ քաղաքը շարք մը խնդիրներ ունի: