Իսրայէլ Օրի (1659-1711). ­Հա­յաս­տա­նի Ա­զա­տագ­րու­թեան Դա­տին Մի­ջազ­գա­յին Հե­տապնդ­ման Նա­խա­կա­րա­պե­տը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան


Յատ­կա­պէս մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ սփիւռ­քի չորս ծա­գե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­բար լա­րած է իր ու­ժե­րը, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան այժ­մէա­կան ու հրա­տապ հար­ցե­րու օ­րա­կար­գին վրայ ար­ժա­նի տե­ղը ա­պա­հո­վէ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դար լուծ­ման, պատ­մու­թեան խո­րե­րէն ե­կող Իս­րա­յէլ Օ­րիի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ւան­դը ու­սա­նե­լի շատ դա­սեր կը փո­խան­ցէ հա­յու­թեան ազ­գա­յին-պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին հա­մար։
Ե­րեք դար ա­ռաջ գոր­ծե­լով՝ Իս­րա­յէլ Օ­րի նա­խա­կա­րա­պե­տը դար­ձաւ, ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, ­Հայ ­Դա­տի մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման ու ար­դար լու­ծու­մի հե­տապնդ­ման քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին։ Իր ժա­մա­նա­կի պայ­ման­նե­րուն եւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու դա­սա­ւոր­ման հետ քայլ պա­հե­լով՝ Օ­րի նա­խա­ձեռ­նեց ա­տե­նի հզօր պե­տու­թեանց մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ի նպաստ քա­ղա­քա­կան պայ­ման­ներ եւ դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րին։
Թէեւ Օ­րիի քայ­լե­րը չպսա­կո­ւե­ցան իր ա­ռա­ջադ­րած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով, այ­դու­հան­դերձ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան վեր­ջին կռո­ւա­նին՝ ­Կի­լի­կեան ­Թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն դա­րեր ետք, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Օ­րի յա­ջո­ղե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ բե­րել Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան քա­ղա­քա­կան դա­տը։

Օ­րի փաս­տօ­րէն յա­ջո­ղե­ցաւ իր դա­րու Եւ­րո­պան ղե­կա­վա­րող թա­գա­ւո­րա­կան եւ իշ­խա­նա­կան Տու­նե­րը շա­հագրգ­ռել ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գով։ Ո՛չ ­Հա­յաս­տա­նը հա­րուստ պա­շար­նե­րով եր­կիր էր, ոչ ալ Իս­րա­յէլ Օ­րի ի՛նք եւ­րո­պա­ցի գա­հա­կալ­նե­րը շա­հագրգ­ռե­լու նի­ւթա­կան անհ­րա­ժեշտ խայ­ծե­րը ու­նէր։ ­Բայց ­Հայ ­Դա­տի քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րին նա­խա­կա­րա­պե­տը գիտ­ցաւ մի­ջազ­գա­յին շա­հագրգ­ռու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դիր­քին ռազ­մա­վա­րա­կան ան­վի­ճե­լի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ հայ մար­դոց վա­ճա­ռա­կա­նա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան եւ հնա­րա­միտ ար­հես­տա­ւո­րի ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, ի նպաստ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դար լուծ­ման մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով։

Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան այ­սօ­րի­նակ մեծ ա­ւանդ ու­նե­ցող ­Հայ ­Դա­տի քա­ղա­քա­կան յա­ռա­ջա­մար­տի­կին մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը կ’ո­գե­կո­չենք ­Նո­յեմ­բեր 7-ի այս օ­րը։

Հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­գիր­քե­րէն մին­չեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի քննարկ­ման ու զար­գաց­ման նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը, ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ կ­’առ­նեն այս բա­ցա­ռիկ ­Հա­յուն կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, ար­ժե­ւո­րու­մը կը կա­տա­րեն ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տին ա­նոր թա­փած ան­դուլ ճի­գե­րուն եւ կ­’եզ­րա­կաց­նեն, որ Իս­րա­յէլ Օ­րի ար­դի ժա­մա­նակ­ներ թե­ւա­կո­խած հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան մեծ տես­լա­կան մը։

Նոյ­նիսկ խորհր­դա­յին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, Օ­րի շա­րու­նա­կեց ներշնչ­ման աղ­բիւր մնալ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, իսկ պաշ­տօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը թոյ­լատ­րեց Իս­րա­յէլ Օ­րիի այ­դօ­րի­նակ ար­ժե­ւո­րու­մը պար­զա­պէս մե­ծա­պե­տա­կան այն հա­շո­ւար­կով, որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին հե­տապնդ­ման նա­խա­կա­րա­պե­տը ե­ղած էր հայ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծի­չը, որ ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ տե­սած էր ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին… «ա­պա­ւէ­նը»։
Լ­րիւ ճշմար­տու­թիւ­նը, ան­շուշտ, ա՛յլ է։

Իս­րա­յէլ Օ­րի ամ­բողջ Եւ­րո­պան շրջե­լէ եւ Հ­ռո­մի ­Պա­պէն սկսեալ մին­չեւ ­Գեր­մա­նիոյ, Ի­տա­լիոյ եւ Աւստ­րիոյ այ­լե­ւայլ իշ­խան­նե­րը շա­հագրգ­ռե­լու յա­մառ փոր­ձեր կա­տա­րե­լէ ու ձեռ­նու­նայն մնա­լէ ետք էր միայն, որ դի­մեց ­Պետ­րոս ­Մեծն ու ­Ռու­սաս­տա­նը… հա­յու­թեան ա­զա­տագ­րու­մով եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ շա­հագրգ­ռե­լու քայ­լին։

Այդ ա­ռու­մով Իս­րա­յէլ Օ­րիի քա­ղա­քա­կան ­Գործն ու Կ­տա­կը հիմք դար­ձան՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը շա­րու­նա­կո­ւող մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի բե­ւեռ­նե­րուն մի­ջեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պահ­պա­նե­լու հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մայր ուղ­ղու­թեան։

Իս­րա­յէլ Օ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­զա­տագ­րու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը «օ­տար­նե­րէն սպա­սող» եւ «մու­րա­ցող» մը չե­ղաւ։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ Օ­րի հա­մո­զո­ւած էր եւ գոր­ծեց այն հաս­տատ վար­քագ­ծով, որ հա­յու­թիւ­նը իր սե­փա­կան ու­ժե­րով պէտք է մղէր ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րը։

Օ­րի միա­ժա­մա­նակ ու­նէր քա­ղա­քա­կան այն ի­րա­տե­սու­թիւ­նը, թէ էա­պէս ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով պայ­քար մը վի­ճա­կո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ յա­ջո­ղե­լու հա­մար ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կա­րի­քը ու­նի մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու նպաս­տա­ւոր դա­սա­ւո­րու­մին։

Իս­րա­յէլ Օ­րի յա­ռա­ջա­մար­տի­կը ե­ղաւ ար­դի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ հայ քա­ղա­քա­կան լո­պիին­կին՝ հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին ի նպաստ օ­տար ու հզօր ու­ժեր սի­րա­շա­հե­լու եւ ազ­դու մի­ջամ­տու­թեան մղե­լու ա­ռու­մով։

Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին յա­ռա­ջա­պահ գոր­ծի­չը ծնած էր հայ­րե­նի ­Սիւ­նեաց աշ­խար­հին մէջ, 1659 թո­ւին։
Օ­րիի մա­սին ա­ռա­ջին յի­շա­տա­կու­թեան կը հան­դի­պինք 1677-ին, երբ հօր՝ ­Մե­լիք Իս­րա­յէ­լի կող­քին, 18 տա­րե­կա­նին, կը մաս­նակ­ցի Ս. Էջ­միած­նի մէջ ­Գէորգ ­Ջու­ղա­յե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ գու­մա­րո­ւած գաղտ­նի ժո­ղո­վին, ո­րուն օ­րա­կար­գին գլխա­ւոր խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ա­զա­տագ­րու­թեան նպա­տա­կով քրիս­տո­նեայ տէ­րու­թեանց պաշ­տօ­նա­պէս դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րանքն էր։ Այդ ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար ընտրո­ւած պա­տո­ւի­րակ­նե­րու շար­քին էր ­Մե­լիք Իս­րա­յէլ, ո­րուն ըն­կե­րա­ցաւ որ­դին՝ Իս­րա­յէլ Օ­րին, երբ 1679-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մեկ­նե­ցաւ Կ. ­Պո­լիս:

Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ Եւ­րո­պա հաս­նիլ եւ այդ ձա­խո­ղու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ բո­լո­րը վե­րա­դառ­նան ի­րենց տե­ղե­րը։ ­Միայն 20-ա­մեայ Իս­րա­յէլ Օ­րին շա­րու­նա­կեց ճամ­բան։

Այդ օ­րէն Իս­րա­յէլ Օ­րի իր ապ­րած ըն­դա­մէ­նը 52-ա­մեայ կեան­քին ա­ւե­լի քան 30 տա­րի­նե­րը նո­ւի­րեց եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու եւ ա­նոնց տէ­րու­թեանց օգ­նու­թեամբ թրքա­կան ու պարս­կա­կան լու­ծէն սե­փա­կան հայ­րե­նի­քը ա­զա­տագ­րե­լու նպա­տա­կին։

Այս­պէս, 1680-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Պո­լի­սէն մեկ­նած խումբ մը հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու հետ, Իս­րա­յէլ Օ­րի հա­սաւ ­Վե­նե­տիկ։ ­Քա­նի մը տա­րի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ զբա­ղե­լէ ետք, 1683-ին ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր սկիզ­բը ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ ֆրան­սա­կան բա­նա­կի պա­րե­նա­մա­տա­կա­րար­ման աշ­խա­տանք­նե­րու, ա­պա՝ մտաւ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ եւ հա­սաւ հե­ծե­լա­զօ­րի Լէյ­թե­նան­թի, յե­տոյ եւ հե­ծե­լա­զօ­րի ­Քա­փի­թա­նի աս­տի­ճա­նին։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին 1688-95-ին մաս­նակ­ցե­ցաւ անգ­լեւֆ­րան­սա­կան պա­տե­րազ­մին։ Անգ­լիա­ցի­նե­րու ձեռ­քը գե­րի ին­կաւ, կարճ ժա­մա­նակ ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ անգ­լիա­կան բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման ու պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման ա­րո­ւես­տին։

1698-ին ան­ցաւ ­Գեր­մա­նիա, ուր ­Յով­հան ­Վիլ­հելմ իշ­խա­նին հետ կա­պեր հաս­տա­տե­լով՝ ա­նոր ներշնչեց ­Հա­յաս­տա­նը նո­ւա­ճե­լու, ա­նոր թա­գա­ւո­րը դառ­նա­լու եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան թի­կուն­քին ան­կախ ­Հա­յաս­տան ու Վ­րաս­տան ստեղ­ծե­լու միտ­քը։ ­Յով­հան ­Վիլ­հելմ հա­մա­ձայ­նե­ցաւ եւ Իս­րա­յէլ Օ­րիի մի­ջո­ցաւ թուղ­թեր յղեց ­Քարթ­լիի ­Գէոր­գի ԺԲ. թա­գա­ւո­րին, Հա­յաս­տա­նի ­Մե­լիք­նե­րուն եւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ու Ա­ղո­ւա­նաց ­Կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն՝ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ խնդրե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու յա­րա­կից եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան պայ­ման­նե­րուն մա­սին։

Նոյն 1698-ի Օ­գոս­տո­սին Իս­րա­յէլ Օ­րի ժա­մա­նեց ­Վիեն­նա՝ Աւստ­րիոյ ­Լէո­փոլտ Ա. կայս­րէն եւս յու­սադ­րիչ գրու­թիւն ստա­նա­լու նպա­տա­կով, բայց մեր­ժու­մի հան­դի­պե­ցաւ՝ այդ օ­րե­րուն թուր­քե­րու հետ սկսած խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թեանց պատ­ճա­ռով։

Այ­նու­հե­տեւ մեկ­նե­ցաւ Ֆ­լո­րեն­ցիա, ուր ստա­ցաւ ­Թոս­քա­նիա­յի դուքս ­Քոզ­մաս Գ.ի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ հուսկ, 1699-ին, ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան։

Սա­կայն ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի մէջ ի­րադ­րու­թիւ­նը լրիւ փո­խո­ւած էր։ ­Նա­խա­պէս ապս­տամբ ­Գէոր­գի Զ.ն­ ար­դէն հնա­զան­դած էր պար­սիկ ար­քու­նիին եւ կը գտնո­ւէր Ս­պա­հան, իսկ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Նա­հա­պետ Ա. Ե­դե­սիա­ցին ու ­Գան­ձա­սա­րի ­Սի­մէոն ­Կա­թո­ղի­կո­սը չըն­դա­ռա­ջե­ցին Իս­րա­յէլ Օ­րիի նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ ­Միայն ­Մե­լիք ­Սաֆ­րա­զի օ­ժան­դա­կու­թեամբ Իս­րա­յէլ Օ­րի յա­ջո­ղե­ցաւ, Ան­գե­ղա­կոթ ա­ւա­նին մէջ, Ապ­րիլ 1699-ին գու­մա­րել ­Սիւ­նի­քի 11 մե­լիք­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղով մը, ուր կազ­մո­ւե­ցան եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան պաշ­տօ­նա­կան գրու­թիւն­ներ՝ ուղ­ղո­ւած ­Յով­հան ­Վիլ­հել­մին, Հ­ռո­մի ­Պա­պին, Աւստրիոյ կայ­սեր, ­Թոս­քա­նա­յի դուք­սին եւ ռու­սաց ցար ­Պետ­րոս ­Մե­ծին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան գոր­ծին սա­տա­րե­լու խնդրան­քով։ Ան­գե­ղա­կո­թի ժո­ղո­վը Իս­րա­յե­լի Օ­րիին տրա­մադ­րեց նաեւ մա­քուր, բայց կնքո­ւած թուղ­թեր, որ­պէս­զի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին այլ դի­մում­ներ եւս կա­տա­րէր։

Իս­րա­յէլ Օ­րի վե­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա՝ այս ան­գամ իր կող­քին ու­նե­նա­լով, ժո­ղո­վի թե­լադ­րու­թեամբ, ­Մի­նաս ­Վար­դա­պետ ­Տիգ­րա­նեան­ցը՝ իբ­րեւ ­Մե­լիք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Օ­րիի օգ­նա­կան։

1699-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին հաս­նե­լով ­Տիւ­սել­տորֆ՝ Օ­րի եւ ­Մի­նաս ­Վար­դա­պետ մշա­կե­ցին ու 1700-ի սկիզ­բը ­Յով­հան ­Վիլ­հել­մին ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ծրա­գի­րը, ըստ ո­րուն՝ պէտք է կազ­մո­ւէր գեր­մա­նա­կան, ի­տա­լա­կան եւ աւստրիա­կան ե­ռեակ դա­շինք։ Դաշ­նա­կից­նե­րու բա­նա­կը պէտք է անց­նէր ­Ռու­սաս­տա­նի վրա­յով՝ վեր­ջի­նիս հա­մա­ձայ­նու­թեամբ եւ, հե­տե­ւա­բար, ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման պէտք է մաս­նակ­ցէր նաեւ Ռու­սաս­տա­նը։ Ծ­րագ­րին հա­մա­ձայն՝ եւ­րո­պա­կան ու­ժե­րու այդ ար­տա­քին օգ­նու­թիւ­նը կը դի­տո­ւէր իբ­րեւ անհ­րա­ժեշտ լծակ՝ բուն երկ­րէն ներս ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մին թափ տա­լու հա­մար։ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը պէտք է ի­րա­գոր­ծո­ւէր, հիմ­նա­կա­նին մէջ, սե­փա­կան ու­ժե­րով։ Ծ­րագ­րին մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տրո­ւած էր նախ պարս­կա­կան լու­ծի տակ գտնո­ւող Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան՝ յատ­կա­պէս ընդգ­ծե­լով հայ ու վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­ժա­մա­նակ պայ­քա­րին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գա­ղա­փա­րը։

Ծ­րա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, ­Յով­հան ­Վիլ­հելմ հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րով Իս­րա­յէլ Օ­րիին ու­ղար­կեց ­Թոս­քա­նա­յի դուք­սին եւ Աւստ­րիոյ կայ­սեր մօտ, սա­կայն վեր­ջինս դար­ձեալ հրա­ժա­րե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագր­ման գոր­ծին մաս­նակ­ցե­լէ՝ այս ան­գամ ալ Ս­պա­նա­կան գա­հի ժա­ռան­գու­թեան հա­մար սկսած պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով։ Աւստ­րիոյ հրա­ժա­րու­մը խա­փա­նեց Ծ­րագ­րով նա­խա­տե­սո­ւած ե­ռեակ դա­շին­քին ստեղ­ծու­մը եւ, Ա­րեւ­մուտ­քէն իր յոյ­սը կտրած, Իս­րա­յէլ Օ­րի 1701-ին մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա։

Ռուս պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցով շա­հագրգ­ռե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով՝ Օ­րի մշա­կեց քա­ղա­քա­կան նոր ծրա­գիր մը, ուր ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցով գլխա­ւոր դեր կը յատ­կա­ցո­ւէր ­Ռու­սաս­տա­նին։ ­Ռու­սաս­տա­նը պէտք է յատ­կաց­նէր 25 հա­զար­նոց բա­նակ մը, որ Դա­րիա­լի կիր­ճով ու ­Կաս­պից ծո­վով պի­տի մտնէր ­Հա­յաս­տան, ուր ա­նոր պի­տի միա­նա­յին հայ ու վրա­ցի ապս­տամբ­նե­րը եւ, հա­մա­տեղ ու­ժե­րով, օգ­տո­ւե­լով ­Պարս­կաս­տա­նի ընդ­հա­նուր թու­լու­թե­նէն, կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լար ա­զա­տագ­րել Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նը։

Գի­տակ­ցե­լով՝ որ Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նը ա­զա­տագ­րե­լու ան­յա­ջող փոր­ձը կրնար վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւն ստեղ­ծել հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, Իս­րա­յէլ Օ­րի կը ձգտէր ա­պա­հո­վել մէկ կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի եւ, միւս կող­մէ, Հ­ռո­մի Սր­բա­զան ­Կայս­րու­թեան հա­կաթր­քա­կան հա­մա­խո­հու­թիւնն ու միա­ցեալ ճա­կա­տը։

Ծ­րա­գի­րը ռու­սա­կան ար­քու­նի­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 1701-ի ­Յու­լիս 25-ին։ ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Պետ­րոս ­Մե­ծը ըն­դու­նեց եւ յա­տուկ զրոյց ու­նե­ցաւ Իս­րա­յէլ Օ­րիի եւ ­Մի­նաս ­Վար­դա­պե­տի հետ, իսկ 1702-ի ­Մար­տին հայ պա­տո­ւի­րակ­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս յայտ­նո­ւե­ցաւ, որ ռու­սա­կան ար­քու­նի­քը ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան խնդրով կը զբա­ղո­ւի միայն ­Շո­ւէ­տա­կան պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ։

1703-ին Իս­րա­յէլ Օ­րիի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ եւ ռու­սա­կան ար­քու­նի­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սը։ Իսկ դէ­պի Անդր­կով­կաս նա­խա­տե­սո­ւող ար­շա­ւան­քի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, Ի­րա­նի ներ­քին կա­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ճշգրիտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լու եւ հայ ու վրա­ցի ապս­տամ­բա­կան ու­ժե­րը հա­մախմ­բե­լու նպա­տա­կով՝ ռու­սա­կան ար­քու­նի­քը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ նաեւ Իս­րա­յէլ Օ­րիի ա­ռա­ջադ­րած Պարս­կաս­տա­նի մօտ ռու­սա­կան դես­պա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րու­մը ան­ձամբ Օ­րիի վստա­հե­լու գա­ղա­փա­րին։ ­Դե­պա­նու­թեան նկատ­մամբ կաս­կա­ծանք չա­ռա­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ 1704-ին Իս­րա­յէլ Օ­րի մեկ­նե­ցաւ Եւ­րո­պա, Հ­ռո­մի ­Պա­պէն ձեռք բե­րաւ պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող քրիս­տո­նեա­նե­րու հա­լա­ծան­քը դադ­րեց­նե­լու մա­սին ­Պար­սից Շա­հին ուղ­ղո­ւած դի­մում, նաեւ՝ գնեց զէն­քեր ու 1706-ին վե­րա­դար­ձաւ ­Ռու­սաս­տան։ ­Պետ­րոս Մե­ծը նոյն­պէս գրեց հա­ման­ման դի­մում, Իս­րա­յէլ Օ­րիին շնոր­հեց ռու­սա­կան բա­նա­կի գնդա­պե­տի աս­տի­ճան եւ զինք նշա­նա­կեց դես­պա­նու­թեան ղե­կա­վար ու 1707-ին ու­ղար­կեց Պարս­կաս­տան։
Շ­քա­խում­բով եւ ռազ­մա­կան ջո­կա­տի ու­ղեկ­ցու­թեամբ՝ Իս­րա­յէլ Օ­րի 1708-ի սկիզ­բը մուտք գոր­ծեց պարս­կա­կան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը։ Չ­նա­յած, որ Օ­րի պաշ­տօ­նա­պէս Հ­ռո­մի ­Պա­պի դես­պանն էր, սա­կայն ան հան­դի­պե­ցաւ մեծ ար­գելք­նե­րու։ Ի­րա­նի մէջ գոր­ծող եւ­րո­պա­կան, յատ­կա­պէս ֆրան­սա­կան մի­սիո­նար­նե­րը ­Հու­սէ­յին ­Շա­հին ներշն­չե­ցին, թէ Իս­րա­յէլ Օ­րիի նպա­տա­կը հայ­կա­կան պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նումն է։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, 1709-ին, Իս­րա­յէլ Օ­րի յա­ջո­ղե­ցաւ տե­սակ­ցիլ ­Շա­հին հետ։ Այ­նու­հե­տեւ Օ­րի վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս, ուր եւ մնաց մին­չեւ 1711։ Այդ շրջա­նին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­լեք­սանդր Ա. Ջու­ղա­յե­ցիի, Ա­ղո­ւա­նաց ­Կա­թո­ղի­կոս Ե­սա­յի ­Հա­սան-­Ջա­լա­լեա­նի, հայ ­Մե­լիք­նե­րու եւ անդր­կով­կա­սեան այլ գոր­ծիչ­նե­րու հետ՝ ա­ռա­ջադ­րե­լով ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման բռնկու­մը եւ ընդ­հա­նուր ճա­կա­տի ու հայ­կա­կան միա­ցեալ զօ­րա­կան ու­ժե­րու ստեղ­ծու­մը։ Այդ շփում­նե­րու ծի­րէն ներս, Ե­սա­յի ­Հա­սան-­Ջա­լա­լեա­նի հետ Իս­րա­յէլ Օ­րի 1711-ին մեկ­նե­ցաւ Աստ­րա­խան, ուր Նո­յեմ­բեր 7-ին, մութ հան­գա­մանք­նե­րու մէջ, յան­կար­ծա­մահ ե­ղաւ։

Այդ­պէ՛ս ա­պա­ժամ ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ կեան­քը եւ ա­նա­ւարտ մնաց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Իս­րա­յէլ Օ­րիի՝ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջին այն գոր­ծի­չին, որ սկզբնա­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման դա­տին քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դու­մը՝ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով։