Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Սփիւռք

6 Նոյեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը իրենց տեսակէտները յայտնեցին: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Իրանի ու Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` զայն նկատելով կենսական թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի համար: Դեսպանը ամբողջութեամբ բաժնելով վեհափառ հայրապետին տեսակէտները, ըսաւ, թէ նոյն դրական մօտեցումով Իրանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը եւ բարեկամական յարաբերութիւնը Հայաստանի հետ: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ իր երկրին յարաբերութիւնը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի կացութեան: Այս ծիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց դէպի վերականգնում ու վերակազմակերպում ընթացող Սուրիան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութիւնը սփիւռքի հայութեան: Լիբանանի գծով ան ընդգծեց երկու հայ նախարար ունենալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ իրաւունքը հայ համայնքին: Յիշեալ հարցերուն գծով Իրանի դեսպանը ողջունեց Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը սուրիական իշխանութեան եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու հայ համայնքին իրաւունքը:

Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը նաեւ անդրադարձան Իրանի հայութեան: Դեսպանը մեծ յարգանքով արտայայտուեցաւ Իրանի հայութեան եւ մանաւանդ երկրին հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն անոր գործուն մասնակցութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր խոր գնահատանքը յայտնեց Իրանի հայութեան նկատմամբ երկրի հոգեւոր առաջնորդին ու պետութեան ցուցաբերած սիրալիր մօտեցման եւ երկրին մէջ հայութեան վայելած լայն ազատութիւններուն առնչութեամբ: