Երեւանի Մէջ 21.2 Միլիոն Տոլար Արժող Ճարտարագիտական Համալիր Պիտի Կառուցուի

Հայաստան

Հայաստանի կառավարութիւնը Նոյեմբեր 1-ին իր հաւանութիւնը տուաւ Երեւանի մէջ 21.2 միլիոն տոլար արժող ճարտարագիտական համալիրի մը կառուցման նախագիծին:

Փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան ըսաւ, որ ծրագիրին նպատակն է Հայաստանի մէջ խթանել ճարտարագիտութիւնը եւ բարձրագոյն արհեստագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խրախուսել բարձրագոյն արհեստագիտութեան ոլորտի արտադրութիւններու արտածումը, խթանել նաեւ տնտեսական մրցակցութիւնը եւ ապահովել արտադրութեան աճը:

Ըստ նախարարին՝ համալիրին շինութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակին եւ պիտի աւարտի Դեկտեմբեր 2020-ին: Արշակեան աւելցուց, որ այս նախագիծը լաւագոյն օրինակ է սեփական ոլորտի եւ պետութեան գործակցութեան, որովհետեւ ծրագիրը պիտի իրագործուի անոնց երկուքին համագանձատրումով: Գնահատուած ընդհանուր՝ 21.2 միլիոն տոլար ծախսերուն 10.5 միլիոնը պիտի հոգայ կառավարութիւնը՝ Համաշխարհային դրամատան վարկով, իսկ մնացեալ 50 տոկոսը՝ միջազգային մեծ ընկերութիւններու «National Instruments» միաւորումը: Կ՛ակնկալուի այս ծրագիրին միջոցաւ պատրաստել տեղեկատուական արհեստագիտութեանց 1500 ճարտարագէտ, ստեղծել առաւել քան 2000 աշխատանք, ինչպէս նաեւ առնուազն 20 նոր ընկերութիւններ: