Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կապեր Չէ Հաստատած Երեւանի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի, Նոյեմբեր 6-ին յայտնեցին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ՝ աւելցնելով, որ որեւէ այլ տեսակի շփումներ նոյնպէս գոյութիւն չունին հայկական կողմին հետ:

«Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ շփման գիծին վրայ իրավիճակին վերաբերեալ, որոշուած է Հայաստանի հետ փոխադարձ կապ պահպանող պատասխանատու անձը, սակայն այդ պատասխանատու անձը չի հանդիսանար Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակից», յստակացուցին ուժային գերատեսչութենէն աղբիւրները՝ պատասխանելով «Armenia.az» լրատուական կայքին հարցումին։

Յիշեցնենք, որ նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստ-եղծուած է ուղղակի հեռաձայնային կապ: