Հայաստանի Դրամատուները Նկատի Կ՛առնեն Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Հետեւանքները

Հայաստան

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Նոյեմբեր 6-ին յայտարարեց, որ սերտօրէն կը համագործակցի իր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ «ՀՀ ֆինանսական համակարգի կայունութեանը սպառնացող առկայ ու հնարաւոր վտանգները ժամանակին յայտորոշելու եւ արդիւնաւէտ կերպով կանխարգելելու նպատակով»:

«Ինչպէս ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը, այնպէս ալ ՀՀ տարածքին մէջ գործող առեւտրային դրամատուները քաջատեղեակ են սոյն թուականի Մայիս 8-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան համաձայն՝ Օգոստոսի 6-ին եւ Նոյեմբերի 5-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկատմամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ կիրառուող պատժամիջոցներու ամբողջ ծաւալով վերականգնման հանգամանքին եւ իրենց ընթացիկ գործունէութիւնը ծրագրելու ատեն հաշուի կ՛առնեն ատոնցմէ բխող հնարաւոր հետեւանքները:

Հարկ է նշել, որ ՀՀ ֆինանսական համակարգի մասնակիցները դեռեւս մինչեւ 2016-ի Յունուար 16-ին Վեցեակի (Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան) կողմէ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի հաստատուիլը ներդրած են, իսկ այդ ծրագրէն ընթացիկ տարուան Մայիս 8-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դուրս գալէն ետք ալ կը շարունակեն կիրառել կանխարգելիչ միջոցառումներու ամբողջական համակարգ:

Նշուած համակարգը ՀՀ ֆինանսական հաստատութիւններուն թոյլ կու տայ զերծ մնալ փողերու լուացման, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, զանգուածային զէնքի տարածման ֆինանսաւորման որեւէ կերպ առնչուող գործառնութիւններէ՝ լիովին ապահովելով անոնց միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներով նախատեսուած սահմանափակումներու եւ արգելքներու պատշաճ իրագործումը», յայտարարած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը: