Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (հեղինակ` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ


Մոնրէալի մէջ 2018-ին

լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ բժիշկներունատամնաբուժներուն

եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքը

բաղկացած 217 էջերէԳիրքին հրատարակութիւնը իրականացած է Լոս Անճելըսի 

«Արարատ» տան Էսքիճեան թանգարանի մեկենասութեամբորուն հեղինակը իր

շնորհակալութիւնը կը յայտնէՀարպոյեան գիրքը ձօնած է Հայոց Ցեղասպանութենէն 

վերապրած իր հօր ու մօրԹորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններուն:

Գիրքը կը բացուի Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքՉարեանի օրհնութեան խօսքով:

«Խղճի պարտք մը» խորագիրով հանդէս կու գայ Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան կ՛ըսէ, որ բժշիկ Կարպիս Հարպոյեանի այս հատորը ամէն բանէ առաջ խղճի պարտք մըն է, հատուցուած` հայ փաղանգի մը, որ իր կեանքով վճարեց թուրք ցեղասպանին, իսկ եթէ եղան վերապրողներ, պատմական ոճիրին հետքերն ու մորմոքը կրեցին ցմահ` պահանջատիրական ու արդար հատուցման անժամանցելի պատգամ մը փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն` դատին ժառանգորդներուն, նահատակուած ու վերապրող փաղանգին անդամները հայ բժիշկներ, դեղագործներ ու մէկ խօսքով` մարդոց կեանքի փրկութեան ու ցաւերուն ամոքումին լծուած առաքեալներ էին, որոնք բարիք կը բաշխէին առանց խտրութեան:

Մահսէրէճեան կը շարունակէ ըսելով, որ հատորը աղաղակող դատապարտանք է Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն ու մանաւա՛նդ հասցէին, այն թուրք բժիշկներու, որոնք ծրագրեցին Ցեղասպանութիւնը:

Նախաբանին մէջ Հարպոյեան կ՛ըսէ, որ հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, չխնայեցին հայ բժիշկներու դասուն: Թուրք բժիշկները դարձան առաջին մեղսակիցները հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան: Հարիւրաւոր հայ բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ դեղագործներ նահատակուեցան, ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ ծառայութեան ընթացքին ժանտախտէ վարակուեցան ու մահացան: Իսկ շատեր, ապրելէ ետք Ցեղասպանութեան գողգոթան, նախախնամութեան կարգադրութեամբ վերապրեցան, ցրուեցան աշխարհի չորս ծագերը ու շարունակեցին իրենց բժշկական առաքելութիւնը` հանդէպ ողջ մարդկութեան:

Հարպոյեան կ՛ըսէ, որ Ցեղասպանութենէն առաջ հայ բժիշկները յանձն առած են կարեւոր պաշտօններ Պոլսոյ կայսերական վարժարանին եւ զինուորական բարձրագոյն հիւանդանոցներուն մէջ: Անոնք բերած են իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը թրքական բանակի բժշկական ծառայութեան եւ օսմանեան կայսրութեան բժշկական վերելքին: Հայ բժիշկներէն շատեր ղրկուած են կռուի դաշտ` ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Անոնցմէ շատեր գործած են իբրեւ թաղապետական բժիշկներ: Մեծ թիւով հայ բժիշկներ արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր  պատիւներու` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ իրենց ծառայութեան համար:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողեցինն հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղան դահճապետները իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուեցան մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով: Բժիշկները Նազըմ եւ Պէհաէտտին Շաքեր հիմնական դերակատարութիւն ունեցան հայկական ջարդերու կազմակերպումին եւ գործադրութեան մէջ:

Կարգ մը թուրք բժիշկներ սուտ բժշկական վկայագիրներ տուած են նահատակուած հայերու անունով: Ուրիշ թուրք բժիշկներ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ կատարած են` հայ աղջիկներու: Թուրք ակնաբուժներ, փոխանակ դարմանելու իրենց ներկայացած հայ հիւանդներուն աչքերը, այնպիսի դեղեր գործածած են, որոնք տեսողութեան կորուստ պատճառած են:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:

Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:

Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ, վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:

Հարպոյեան ներկայացուցած է նահատակուած, ժանտախտէ մահացած եւ վերապրած բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն անունները եւ ամփոփ կենսագրութիւնները:

Հարպոյեան կ՛եզրափակէ` ըսելով որ վիճակագրութիւները ամբողջական չըլլալով հանդերձ կը ցոլացնեն բժշկական ասպարէզին մէջ գործող հայ հանճարի եւ հայ մտքի կորուստին ահաւորութիւնը: