Պոլսոյ Պատմական Հայկական Խորէնեան Դպրոցի Շէնքը Հնարաւոր է Հիւրանոցի Վերածուի

Սփիւռք

Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանին մէջ գտնուող պատմական հայկական Խորէնեան տարրական դպրոցի շէնքը կրնայ վերանորոգուիլ:

Ֆաթիհի Սուրբ Հրեշտակապետաց հայկական եկեղեցիին կից 1821-ին բացուած տարրական դպրոցի շէնքը արդէն քառորդ դար է` անմխիթար վիճակի մէջ է: Քարէ շինութեան պատերը ճաքճքած են, ներսը աղբանոցի վերածուած: Կառոյցը այժմ անտուններու ապաստան դարձած է: Այս մասին կը հաղորդէ factor.am-ը:

Պատմական կառոյցի վերականգնման նպատակով յատուկ նախագիծ մշակուած է, սակայն անիկա արդէն չորս տարiէ պատասխանի կը սպասէ: Նախագիծի հաստատման պարագային պատմական հայկական դպրոցը հիւրանոցի պիտի վերածուի:

Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցիին կից Խորէնեան դպրոցի եւ գերեզմանոցի հիմանդրամի երկրորդ նախագահ Արամ Կուրան տեղեկացոցած է, որ դպրոցի շէնքը 18 տարի ժամկէտով վարձակալութեան տրուած է մասնաւոր ընկերութեան մը:

Անոր խօսքով` այդ ընկերութիւնը մտադիր է շէնքը վերանորոգել եւ հիւրանոցի վերածել: Սակայն համապատասխան նախագիծը արդէն չորս տարիէ կը սպասէ հաստատման: Կուրանի կարծիքով, եթէ նախագիծը կեանքի կոչուի, ատիկա շահութաբեր պիտի ըլայ թէ՛ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար, եւ թէ՛  հայկական հիմնադրամին համար: