Համալսարանական Ուսանողներու Համար Ուսման Վարձը Ամսական Դրութեամբ վճարելու Հնարաւորութիւն Պիտի Ստեղծուի

Հայաստան

Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու համար ուսման վարձը ամսական վճարելու մեքանիզմներ պիտի ստեղծուին: ՀՀ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ «Կրթութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Նոյեմբեր 6-ին ԱԺ յանձնաժողովին կողմէ հաւանութիւն ստանալէ ետք նախագիծը պիտի ներառուի ազգային ժողովի յաջորդ լիագումար նիստի օրակարգին մէջ:

«Խնդիրը բարձրացուցած են բազմաթիւ ուսանողներ հանդիպումներու ժամանակ, նաեւ նամակներով: Վճարովի համակարգով ուսանող շատ ուսանողներ կը դժուարանան վճարել վարձը ամբողջութեամբ միանուագ կամ կիսամեակը մէկ: Փոփոխութեամբ օրէնքը հնարաւորութիւն պիտի տայ ուսանողներուն ուսման վարձը վճարելու ամսական դրութեամբ»,-ըսած է նիստը նախագահող ԱԺ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան:

Ան առաջարկեց որպէս պարտադիր պահանջ սահմանել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսման վարձի եռամսեակային եւ ամսական վճարման հնարաւորութիւնը:

Յանձնաժողովը միաձայն դրական եզրակացութիւն տուաւ նախագիծը յաջորդ քառօրեայ նիստի օրակարգ ներառելու համար: