Շանթ Յարութիւնեան Ազատ Արձակուեցաւ

Հայաստան

 «Ցեղակրօն» կուսակցութեան ղեկավար Շանթ Յարութիւնեան Նոյմբեր 6-ին ազատ արձակուեցաւ «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սիվիլնեթ»-ը։

 Նոյեմբեր 6-էն ուժի մէջ մտաւ համաներման մասին օրէնքը, որ կը տարածուի անազատութեան մէջ գտնուող շուրջ 700 անձի վրայ:

Ան 6 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր` 2013-ին Մաշտոցի պողոտային վրայ ոստիկաններու հետ բախումներու պատճառով: Զայն 2014-ին ազատազրկման դատապարտած է քաղաքական գործեր քննող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը:  Յարութիւնեան կը հրաժարէր պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուելէն: Ան կը պնդէր, թէ քաղբանտարկեալ է ու պէտք է արդարացուի: