Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած է

Հայաստան

Նոյեմբեր 6-ին, մօտ ժամը 08.25-ին, հրազէնային վիրաւորումէ զոհուած է ՊԲ  կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու մը ժամկետային զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արիստակէս Էդուարդի Ազատեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի շապտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, N զօրամասի  ժամկետային  զինծառայող, շարքային Արիստակէս Ազատեանը զօրամասի հսկիչ  անցագրային կէտէն շուրջ 70 մ հեռաւորութեամբ գտնուող երկաթեայ կամուրջին մօտ,  իրեն ամրակցուած ԱԿ-74 տեսակի ինքնաձիգով, ծնօտին վրայ ինքն  իրեն պատճառած է մահացու հրազէնային վիրաւորում:

Դէպքի առթիւ առաջին կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի  110-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: