Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցները Մտան Ուժի Մէջ

Աշխարհ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք երէկ ուժի մէջ մտան, «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն խիստն են»:

«Պիտի շրջանցենք ամերիկեան պատժամիջոցները եւ Ամերիկային զղջալ պիտի տանք», ըսաւ Իրանի նախագահը` աւելցնելով. «Ամերիկան պէտք է իմանայ, թէ չի կրնար իրանցի մեծ ժողովուրդին հետ խօսիլ պատժամիջոցներու եւ ճնշումներու լեզուով»:

«Պէտք է ձախողեցնենք ծրագիրները Ամերիկայի, որ կ՛ուզէ մեր երկիրը 40 տարի ետ տանիլ, սակայն Իրանը պիտի չտկարանայ», շեշտեց ան:

Իրանի նախագահը նշեց, որ իր երկրին կացութիւնը դիւրին չէ, որովհետեւ կան «մեծ ուժեր, որոնք մեր դէմ կը կանգնին, սակայն մեր մեծ ժողովուրդը պիտի շրջանցէ այդ մարտահրաւէրը»: «Այն, ինչ որ Ամերիկան այսօր կ՛ընէ, ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնելն է եւ ոչ թէ որեւէ ուրիշ կողմի վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պիտի ձախողին իրանցի ժողովուրդին դէմ իրենց նպատակները իրագործելու»:

«Իրան իր քարիւղը պիտի ծախէ եւ ոտնահարէ անիրաւ պատժամիջոցները», յայտարարեց Ռուհանի:

Իրանի նախագահը նաեւ ըսաւ. «Ամերիկան աջակցեցաւ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` Պոլսոյ մէջ իր երկրի հիւպատոսարանին մէջ վայրագ սպանութեան: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած վայրագ սպանութիւնը ամօթի մատնեց Ամերիկան, եւ անոնք այդ ճահիճէն պիտի չփրկուին»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւըն Մնուչին յայտնեց. «Պատժամիջոցները Իրանին պիտի ստիպեն հիւլէական ծրագիրին շուրջ նոր համաձայնութիւն կնքելու, եւ անոնց նպատակը իրանեան յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի եւ Յեղափոխական պահակագունդի վարմունքը փոխելն է»:

«Մեր նպատակը Իրանի քարիւղի արտածումները մօտ օրէն զերոյի հասցնելն է», նշեց ան:

«Հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը Իրանին կարողութիւնը տուաւ ահաբեկչութեան աջակցելու, իսկ պատժամիջոցները պիտի արգիլեն զայն ֆինանսաւորել», ըսաւ Մնուչին:

Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Բրիտանիան յայտնեցին, որ յանձնառու կը մնան հիւլէական ծրագիրի համաձայնութեան գործադրութեան եւ կ՛ակնկալեն, որ Իրան շինիչ դերակատարութիւն ունենայ եւ շարունակէ իր բոլոր յանձնառութիւնները լիովին կատարել: