Հայագիտական Ծրագիրներու Վարիչներու Աշխատանիստ

Սփիւռք

Սեպտեմբեր 29-ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող հայագիտական ամպիոններու եւ ծրագիրներու վարիչներու աշխատանիստ մը, որուն ներկայ եղան նաեւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան, Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչները՝ քննելու համար հայագիտութեան ներկայ մարտահրաւէրները եւ ապագայ ծրագիրները։

Աշխատանիստը կազմակերպուած էր հիւրընկալ համալսարանին մէջ գործող Մեղրունի ընտանիքի հայագիտական ուսմանց նախագահական ամպիոնին (փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան), Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի համալսարանին՝ Ռիչըրտ Յոհաննէսեանի անուան արդի հայոց պատմութեան ամպիոնին (փրոֆ. Սեպուհ Արսլանեան) եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի համատեղ ջանքերով։

0000SAS workshop2

Փրոֆ. Պէրպէրեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, իւրաքանչիւր վարիչ ներկայացուց իր ծրագիրին կամ ամպիոնին մասին հակիրճ տեղեկագիր մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վերոնշեալ հարցերուն նուիրուած բաց քննարկում։

Աւարտին, ներկաները որոշեցին բաց պահել հաղորդակցութեան գիծերը եւ նման աշխատանիստներ իրականացնել 2020ին եւ 2022ին, յաջորդաբար Պոսթընի (Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան կազմակերպութեամբ) եւ Լոս Անճելըսի մէջ (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին կազմակերպութեամբ)։