Արցախը Բանակցող Կողմ Դարձնելու Որոշումը Պէտք Է Գայ Հակամարտող Երկիրներէն․ Լաւրով

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ բանակցող կողմ ներգրաւելու հարցը պէտք է որոշեն հակամարտող երկիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

«Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ բանակցային կողմ ներգրաւելու մասին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները մենք արդէն մեկնաբանած ենք: Ժամանակին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները մասնակցած են բանակցութիւններուն, սակայն ձեւաչափը փոխուած է, եւ բանակցութիւնները արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը կատարուին միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Անշուշտ, մենք կը գիտակցինք, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանը նկատի կ՛առնէ Լեռնային Ղարաբաղի մօտեցումները: Բանակցային ձեւաչափը փոխելու համար պէտք է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը, որ այս պահուն չկայ», ըսաւ Լաւրով:

Նախարարը ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները վերջին տարիներուն մեծ ջանքեր կը գործադրեն տագնապին լուծման ուղղութեամբ` յիշեցնելով, որ Տուշանպէի մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ որոշ համաձայնութիւն ձեռք բերած են: «Որքան տեղեակ եմ, Տուշանպէի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը եւ Ազրպէյճանի նախագահը համաձայնեցան շարունակել երկխօսութիւնը, եւ պէտք է արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին: Կողմերը նշեցին, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պատրաստ են աշխատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Մենք միայն կրնանք ողջունել այս որոշումները: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ բուռն ներքաղաքական հոլովոյթները, որոնց կը հետեւինք, տակաւին չեն աւարտած, դժուար է քննարկել ճգնաժամէն դուրս գալու յստակ տարբերակներ», ըսաւ Լաւրով:

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նոյնպէս անդրադարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման` զայն «արդիւնաւէտ» որակելով եւ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ հանդիպումը կը նպաստէ վստահութեան վերականգնման:

«Միլանի մէջ դեկտեմբերին տեղի ունենալիք նախարարական խորհուրդի նիստին ընթացքին մենք մեր աջակցութիւնը պիտի յայտնենք Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին, իսկ հակամարտող կողմերուն կոչ պիտի ուղղենք` գտնելու քաղաքական կամք տագնապին լուծման համար: Կողմերուն համար կարեւոր է աշխատիլ կառուցողական մթնոլորտի մէջ` խուսափելով հրահրող հռետորաբանութենէ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեղմացնել լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ: Այսպիսի մթնոլորտը ծայրայեղօրէն անհրաժեշտ է, որպէսզի կողմերը հասնին դժուար փոխզիջումներու, որոնք անհրաժեշտ են երկարատեւ ու համապարփակ խաղաղութեան համար», եզրակացուց Կրեմինկեր: