Հայաստանի Մէջ Ընթացող Կառավարման Յեղափոխական Եղանակով Պէ՞տք է Մտահոգուիլ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան 

 

Ճշմարտութիւնը պէտք է որ ըլլայ մեր բոլոր գործունէութեան

կեդրոնը,  ան պէտք է ըլլայ մեր կեանքի շունչը:

    Մահաթմա Կանտի

 

Քիչ մը պատմութիւն եւ պճեղ մը գիտական հայեացք՝ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումները հասկնալու համար մեղանչում պէտք չէ համարուի: Հասկնալու փորձը միշտ օգտակար է լուսաւորելու համար թեր եւ դէմ դիրքորոշումները:

Նիկոլ Փաշինեանի ընտրած եւ զանգուածը խանդավառող կառավարման եղանակը, որ ըստ յայտարարուածին, կը նշանակէ ժողովուրդով կառավարուիլ, թէեւ այս պարագային պէտք է ճշդում մը կատարել ժողովուրդին եւ ամբոխին միջեւ: Երբ հաւաքուած ժողովուրդը կը պատասխանէ կարգախօսներու, զորս քննելու, դատելու, եզրակացնելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու պատեհութիւն, լուսաբանութիւն եւ ժամանակ չէ ունեցած, կը դառնայ ամբոխ, կամ նկատի կ’առնուի որպէս այդպիսին եւ կ’առաջնորդուի: Անկէ կը պահանջուի այո կամ ոչ ըսել, փակելով այլընտրանքներու դռները:

Ոչ ոք ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ ազատութիւնը ոտնակոխելու, ոտնակոխելու ժողովրդային աննենգ կամքը՝ զոր կը կոչենք ժողովրդավարութիւն, դեմոկրատիա, démocratie, յունարէն démos-ը: Բայց յոյները, ժողովրդավարութեան ստեղծման օրերուն իսկ գիտէին տարբերութիւն մը դնել démos-ին եւ okhlos-ին միջեւ: Այսօր, զարգացման ընթացքի մէջ եղող ժողովուրդին համար, ներսը եւ դուրսը, պերճանք պէտք չէ համարուի խորհիլ démos-ին եւ okhlos-ին մասին: Յոյներուն համար okhlos-ը ամբոխն էր, որ կը յատկանշուէր իր նրբութիւններու պակասով, գռեհկութեամբ, նախնականութեամբ, ինչ կը վերաբերի մտածման, ծանօթութեան, հետեւաբար նաեւ ընտրանքներուն:

Երբ ժողովրդավարութիւն ըմբռնումի չարաշահումով ամբոխային կառավարման եղանակի մէջ կ’ընդգրկուինք, կը տարուինք մտածելու եւ ընտրելու այնպէս, որ կարծէք ամէն բան սեւ է կամ ամէն բան սպիտակ, չկան ծիածանի երանգները: Կը մոռնանք ԺԶ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Մոնթէնեի մարդու բնութագրումը, որ ան ալիքաւոր է եւ զանազանեալ է (ondoyant et divers), իսկ ամբոխը, ինչպէս տարբեր առիթներով դիտել տուած եմ, անմիջական է, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոր ուշիմութիւնը, դատելու կարողութիւնը, երբ խմբուած է, կը մանկանայ:

Մեր անմիջական փորձառութիւններն անգամ ցոյց կու տան, օրինակ, որ մարդիկ վաճառատուներու ապակիները չեն ջարդեր երբ առանձին են, բայց երբ ամբոխ են, կը գործեն բնազդով, կը ջարդեն: Ամբոխը հարցումներու կը պատասխանէ այո կամ ոչ ըսելով, քաղաքական գործիչներ եւ ամբոխավարներ գիտեն այս նախնականութիւնը շահագործել:

Ըսել ժողովուրդով կառավարում նաեւ եզրի չարաշահում է, քանի որ փողոցը կամ հրապարակի վրայ հաւաքուած եւ կարգախօս գոռացողները ամբոխ են, չեն եկած մտածելու, վերլուծելու եւ ընտրելու: Հետեւաբար, պէտք է գտնուին մարդիկ, այս պարագային իրաւ ղեկավարներ, անխարդախ մտաւորականներ, որոնք դէմ դնեն փառատենչիկներու եւ ամբոխավարներու, ցոյց տան ժողովրդավարութեան եւ ամբոխավարութեան տարբերութիւնն ու հակադրութիւնը, démocratie-ին հակադրելով գռեհկացնող okhlocratie-ին:

Քաղաքական-դիրքապաշտական տեւաբար կրկնուող արշաւը նորութիւն չէ: Պէտք չէ զարմանալ( բայց նաեւ զինաթափ չըլլալ: Չկրկնենք դասական տարազը, ըստ որուն պատմութիւնը կը կրկնուի, բայց պատմութեան դասը միշտ օգտակար է նուազ սխալ գործելու, անմիջականի նուազ գերին ըլլալու: 1584ին, գրեթէ կէս հազարամեակ առաջ, անգլիացի կրօնական եւ գրող Ճոն Սթոքվուտ  խօսած է այս մասին: Ժողովրդավարութեան նուազուրդէն յառաջացած ամբոխի իշխանութեան-կառավարման եղանակը okhlocratie-ն կը նկարագրէ որպէս Պետութիւն մը ուր կոպիտ անձեր ամէն բան կ’որոշեն ըստ իրենց անհատական շահերուն: Այսինքն, ըստ իրենց դիրքին, հռչակին եւ շահերուն: Հին յոյներուն համար okhlosը, ամբոխը, աւելի ցած է dèmosէն: Նման իշխանութիւն մը կ’այլասերէ օրէնքը եւ նոյն հունով՝ բարքերը: Հետեւանքնե՞րը…

Ժողովրդավարութիւնը շատ փխրուն վարչաձեւ է բաղդատած ի վերուստ ստացուած իրաւունքով իշխող թագաւորներուն, մենատէրերուն, բռնակալներուն: Երբ ժողովրդավարական կարգը կը խանգարուի, կը ստեղծուի քաղաքական իրարանցում, անհատական պայքարները, բեմադրութիւնները, զրպարտութիւնները, խծբծանքը կը դառնան ընթացիկ երեւոյթներ, կրկնուող, ամենօրեայ, եւ կը յառաջանայ բիրտ ուժով մրցակիցը կամ հակառակորդը լռեցնելու-անհետացնելու բազմապատկուող փորձութիւնը: Քաղաքական կեանքը կը խաթարուի, հետեւաբար նաեւ՝ կառավարումը, օրէնքը կը դառնայ ենթակայական մեկնաբանութիւններու առարկայ, կը կորսնցնէ հաւաքական-հաւասարութեան իր նկարագիրը: Այդ ընթացքին մէջ կը կորսուի հաւաքական պատասխանատուութեան, համագործակցութեան եւ համակեցութեան ժամանակի ընթացքին ձեռք բերուած վարժութիւնը: Կը վերադառնանք homo homini lupusի Հոպզի սահմանած վիճակին:

Ժողովրդավարական կառավարումը կը խաթարուի նաեւ այն պատճառով, որ պատասխանատուութիւն ունեցող անձեր կը մոռնան, որ պաշտօնի կոչուած են ժողովուրդին կողմէ եւ անոր ծառայելու համար, որ պաշտօնը հասութաբեր կալուած չէ, ագարակ չէ, եւ այդ ընելով կը վարկաբեկեն համակարգը եւ իրենք զիրենք, կը խախտի վստահութիւնը եւ անկարելի կը դառնայ կառավարումը: Այսինքն հնաբոյր եւ ժամանակավրէպ համարուող բարոյականութիւնը էական է կառավարման համակարգի հաւասարակշռութեան եւ յաջողութեան համար:

Այս ամբոխայնացման, okhlosի, կացութիւնը վատթարացած է հաղորդակցական միջոցներու իրենց նպատակէն շեղած ըլլալու պատճառով, որոնք երբ կը պատկանին անհատներու, խմբակներու, չունին իրենց կոչման ծառայելու ազատութիւն, բնական է որ ժողովրդավարութիւնը թիրախ կ’ըլլայ նախայարձակումներու: Քաղաքական առաջնորդներու ընտրական արշաւներու քարոզչութիւնը կախում ունի նիւթական միջոցներէ եւ ծանուցումի ընկերութիւններու մասնագիտական մօտեցումներէն, որոնք նոյն յաջողութեամբ կրնան «ծախել» օճառ, «համպըրկըր», ակնոց, շապիկ, համակարգիչ, եւ այլազան բաներ, բաներ: Քաղաքական ծրագիրը կը շպարուի եւ ընդունելի կ’ըլլայ: Տգեղ պիտի ըլլայ թերեւս ըսել, բայց ոչ իրականութենէ հեռու, մետիաները եւ ծանուցումի ընկերութիւնները էշը կրնան ծախել որպէս նժոյգ, քաղաքական վիճարկումը կը դառնայ շաու, show, զուարճութեան հանդէս, փոխանակ ըլլալու տեսակէտներու փոխանակում եւ լուսաբանում: Երբեմն դիտել ամբողջ աշխարհը հետաքրքրող ընտրարշաւներու պարզած պատկերը եւ փորձել դատել:

Հաղորդակցական միջոցներու ամբոխայնացումը կ’առաջնորդէ քաղաքականութեան ամբոխայնացման եւ գռեհկացման, փակագիծի մէջ կը դրուին արժէքները:

Հաւանօրէն պէտք պիտի ըլլայ սպասել, քիչ մը ամէն տեղ, հեղինակաւոր եւ համադրող գաղափարը եւ զայն կրող հեղինակութիւնը, charismeը, որ չի կրնար ծնիլ փոխադարձ վարկաբեկումներու եւ չարաշահումներու ենթահողի վրայ: Քիչ մը ամէն տեղ, մեծերու եւ փոքրերու աշխարհներուն մէջ: Փողոցը եւ մայթերու վրայ: Եւ կառավարումը կը շնչէ ընտրարշաւներու կշռոյթով:

Իսկ ընտրարշաւները միշտ կը դիմեն ամբոխային տրամադրութիւններ բաւարարելու խոստումներու, վերսկսելով նոյն երգերը: