Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Ժամանեց Փարիզի «Հաշմանդամներու Պալատ»՝ Վերջին Հրաժեշտ Տալու Ազնաւուրին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց ժամանեցին Փարիզի «Հաշմանդամներու պալատ», ուր տեղի կ՝ունենայ  հոգեհանգիստի եւ Ազգային յարգանքի տուրքի արարողութիւն՝ ի պատիւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախատեսուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ելոյթը: Ազնաւուրը առաջին երաժիշտն է, որուն պատուին տեղի կ՝ունենայ Ազգային յարգանքի տուրքի արարողութիւն:

Աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր մահացած էր Հոկտեմբեր 1-ին: