Մեր Դրօշներու Համամիասնութեան Մասին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Կարդա՛լ ընկեր Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի յօդուածը (տես «Եռագոյն»-ի Սեպտեմբեր 26-ի թիւին մէջ) ՀՅԴ անելիքի այսօրուան եւ վաղուան եզրերուն եւ յատկապէս ՀՅԴ կարմիր դրօշի եւ մեր ազգային Եռագոյնի փոխառընչութեան խնդիրներուն մասին:

Պիտի խոստովանիմ, որ ընկեր Խաչիկի քննարկումներէն իմ ընկալումս պարտադիր դարձուց վերստին հարցադրել, թէ երկու նուիրական դրօշներու համատեղ եւ լրացուցիչ գոյութեան կապակցութեամբ իսկապէս ի՞նչ հարցեր ունի լուծելիք դաշնակցական մարդը: Հետեւաբար ես եւս կ՛արծարծեմ նոյն հարցը մտքերու փոխանակութեան կարգով:

Ընկերը կը յիշեցնէ մեզի, որ Դաշնակցութեան դրօշը համաշխարհային աշխատաւորական շարժման կարմիր դրօշն է, որ ի դէպ դրօշն է — բովանդակային տարբերութիւններով — Հնչակեան Կուսակցութեան եւ համայնավարներուն: Ան կ՛ըսէ, որ մեր հակաբոլշեւիկեան պայքարը եւ Սփիւռքի իրականութիւնը ըրին այնպէս, որ մենք իւրացնենք մեր ազգային Եռագոյնը որպէս նշանաբան եւ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան տանք մեր գաղափարախօսական կարմիրը… Մենք մեր կարմիր դրօշին վրայ գրած ենք ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ անոր ներքոյ մղած ենք մեր ազգային ազատագրական մեծ պաքարը եւ անով է, որ նուաճած՝ անկախ պետականութեան մեծ հանգրուանը: Ան՝ կարմիր դրօ՛շը կը ներկայացնէ մեր հարազատ պատկերը: Անոր մէջ է, որ կը յստականայ մեր էութիւնը:

Հետեւաբար, կ՛ըսէ ընկերը, այսօր նոր պետականութեան կեանքին մէջ գործող Դաշնակցութիւնը իր նոր օրակարգով պէտք է «վերադառնայ» իր կարմիր դրօշին Եռագոյնը թողնելով պետութեան իրաւասութեան:

Իմ հակազդեցութիւնս ընկեր Խաչիկի դիտարկումներուն հետեւեալն է.

Ըստ իս, մեր ազգային Եռագոյնը հարազատ ցոլացումն է կարմիր դրօշի տակ մղուած մեր ազգային ազատագրական շարժման: Ան չէ յղացուած որպէս հակադիր խորհրդանիշ: Ան ստեղծուած եւ իւրացուած է այն նոյն անձանց կողմէ, որոնց հարազատ դրօշն էր մեր կարմիրը: Մեր ազգային Եռագոյնը կը մարմնաւորէ այն նոյն ընկերային արդարութեան տեսլականը, որ դրուած է մեր կարմիր դրօշի յղացքին մէջ: Իմ կարծիքով, մենք չենք մոռցած մեր կարմիր դրօշը, բայց անկախ պետականութեան մարտահրաւէրներուն ընդառաջող Դաշնակցութիւնը այդ կարմիր դրօշը դրած է ի սպաս մեր ազգային Եռագոյնին: Եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար: Դաշնակցութիւնը ազգային ազատագրական կազմակերպութիւն է ընկերվարական դաւանանքով: Այս երկու գործօնները փոխ-սնուցիչ են եւ անանջատելի իրարմէ: Առանց իր ազգային ազատագրական բովանդակութեան Դաշնակցութեան ընկերվարական դաւանանքը կը մնայ անկատար եւ ապակողմնորոշիչ: Մեր ազգային գոյութեաՆ պատմական դրուածքով մենք ըստ էութեան հակակայսերական ուժ ենք: Երբ մենք տեղ մը ազգային վարժարան մը կը հիմնենք, մեր պարագային ատիկա յեղափոխական արարք է, ինչպէս Քառօրեայ Պատերազմը: Այդ արարքով մենք ձախողութեան կը մատնենք կայսերական ուժերու վճիռը մեզ մեր ազգայնութեան եւ հետեւաբար ինքնութեան խարիսխէն զրկելու: Եռագոյնը կ՛ընդգրկէ այդ բոլորը: Իսկ մեր կարմիր դրօշը կը ծառայէ մեր անկախ պետականութեան խարիսխը ամրապնդելու, զայն ընելու արդար եւ զայն իր համամարդկային առաքելութեան լծուած պահելու:

Բայց հարցը աւելի յստակօրէն բանաձեւելու համար, պէտք է հարց տալ, թէ իսկապէս ո՞ւր է անելիքի մեր հասարակական ոլորտը: Դաշնակցութեան ընկերային դաւանանքը ցարդ հող չէ ունեցած մեր երկրին մէջ: Սոցիալ դեմոկրատիայի շերտը եղած է — եւ է — շատ նեղ, ապակայուն, բարոյալքուած: Ան շարունակաբար գաղթած է երկրէն կամ իր գոյութիւնը ապահովելու համար յենարան փնտռած՝ իր տէրերուն մօտ: Երկիրը ոչ ձախ ունի, ոչ ալ կեդրոն: Երկիրը ունի անյատակ աղքատութիւն: Անյատակ անազատութիւն: Ունի մնայուն ներքին եւ արտաքին անապահովութիւն: Երկիրը պատրաստ չէ իր ընկերային հարցերը դիմագրաւելու, քանի որ երկիրը ունի մէկ մեծ գոյութենական (existential) խնդիր: Հետեւաբար մեր գործին ներշնչումը պիտի գայ թէ՛ մեր ազգային Եռագոյնէն, թէ՛ մեր կարմիր դրօշէն: Երկուքը միասնաբար: