ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է Շուրջ 700.000 Ամերիկեան Տոլար. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ կու գայ յայտարարելու, որ 19-29 Յուլիս 2018-ին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Բիւրականի մէջ իր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար դիմած էր իր աշխարհասփիւռ կառոյցին պատկանող ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու, որոնք անվերապահ իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին: Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն իրականացման ի նպաստ հանգանակուեցաւ շուրջ 700.000 ամերիկեան տոլար:

Այս ծիրին մէջ, Կեդրոնական վարչութեան առաջարկով զանազան նուիրատուներու շարքին ունեցանք նաեւ 10 կնքահայր, որոնք նուիրատւութեան ծանր բեռը ստանձնեցին:

Կեդրոնական վարչութիւնը եղբայրական երախտապարտութիւնները կը փոխանցէ 100-ամեակի կնքահայր քոյրերուն եւ եղբայրներուն.

– Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Էլիզապեթ Սիսեռեան (Փարիզ)
– Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան (Սան Ֆրանսիսքօ)
– Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան (Լոնտոն)
– Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան (Տուպայ)
– Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան (Աւստրալիա)
– Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Վերժինիա Վահրատեան (Աւստրալիա)
– ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջան (Գանատա)
– Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անի Մարութեան (Շուէտ)
– «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամ
– Տէր եւ տիկին Աշոտ Թունեան (Սինկափուր)

Կրկին շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու յաջողութեան մէջ իրենց նիւթական ներդրումը ունեցած բոլոր նուիրատուներուն:

 

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ