Լիբանանէն Նոր Ներդրումներ Կը Սպասուին

Հայաստան, Սփիւռք

«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը, գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեանի գլխաւորութեամբ, Սեպտեմբեր 22-26 գործարարութեան առաքելութեամբ Լիբանան կը գտնուէր: Այցին ընթացքին, Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու մասին ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ ասիկա երրորդ արտագնայ գործարար առաքելութիւնն է դէպի Լիբանան: «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը գործնական փուլ  տեղափոխած է նախորդ այցերու ընթացքին ներդրումներու մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ` նոր կապերու հիմք դրած: Շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են լիբանանեան ներդրողներու եւ գործընկեր կառոյցներու ղեկավարներու հետ:

«Ամէն նոր գործարար առաքելութեան ժամանակ կը թարմացնենք նախկին կապերը, բանաւոր համաձայնութիւնները աւելի գործնական փուլ կը տեղափոխենք եւ նոր ներդրումներ կը ներգրաւենք դէպի մեր երկիրը»,- նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը:

«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբին հետ հանդիպման ընթացքին «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ի ղեկավար Ֆարիտ Շետիտը Հայաստանի մէջ ապահովագրական ընկերութեան մասնաճիւղ բանալու մտադրութիւն  յայտնած է: «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ը մասնաճիւղեր ունի աշխարհի 5 երկիրներու մէջ:

Այլ հանդիպման մը ընթացքին՝ «Մակիտեկ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Կարօ Մաթոսեան մտադրութիւն  յայտնած է 250.000 տոլարի ներդրումներով Հայաստանի մէջ կերպընկալէ իրերու պատրաստման կաղապարներու եւ արդիւնաբերական մեքենաներու բաղադրիչներու արտադրութիւն հիմնելու:

«Մակ ակրոքեմիքըլս» ընկերութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ընկերութեան  մասնաճիւղ բանալու հարցը. ընկերութիւնը կը զբաղի պարարտանիւթերու եւ թունաքիմիքատներու արտադրութեամբ: Շարք մը գործարարներ յառաջիկային պիտի այցելեն մեր երկիր` գործ հիմնելու ծրագիրներ ուսումնասիրելու:

«Լիբանանի մէջ մեր պատուիրակութիւնը «Պիզնես Արմենիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Յարութիւն  Գունտագճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի աջակցութեամբ կազմակերպած է այցելութիւններ շարք մը գործարաններ, հանդիպումներ  ունեցած է գործարար մարդոց հետ, որոնց շնորհիւ հայ-լիբանանեան նոր համագործակցութիւններու սկիզբ  դրած ենք»,- նշած  է «Պիզնես Արմենիա»-ի Միջազգային համագործակցութեան կառավարիչ Ալինա Եղիազարեան: