Օտար Աշխարհներու Մէջ «Յաջողած» Հայեր, Հայ Ազգը եւ Հայաստանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

 

Յաճախ խորհած եմ օտար աշխարհներու մէջ «յաջողած» հայերու մասին: Անոնց հռչակէն, կարողութենէն եւ հնարաւորութիւններէն ի՞նչ ստացած է ազգը եւ Հայաստան հայրենիքը: Այս «ստացման» հարցի մասին գնահատում եւ վերաբերում չունինք, բացի դատարկ սնապարծութեան մը առթած գոհունակութենէն, եւ կարծէք այդ ձեւով բարենիշ կու տանք: Ինչո՞ւ բարենիշ:

«Յաջութիւններ»: Բիւզանդիոնի գահին վրայ եղած են տասնեակէ աւելի հայազգի կայսրեր, այլ երկիրներու մէջ ալ եղած են հայազգի թագաւորներ, նախարարներ, քաղաքական կարեւոր դէմքեր, զինուորականներ, նաեւ՝ մեծահարուստներ: Կան նաեւ այսօր: Ասոնց վրայ կը գումարուին օտար շրջանակներու մէջ «յաջողած» գիտնականներ, օտարագիր գրողներ, արուեստի եւ մշակոյթի գործիչներ, դերասաններ: Անոնք կը վկայեն մեր ժողովուրդի դրական յատկութիւններուն մասին: Ափսոս, անոնք մեր գանձարանը չեն մտներ: Ուրիշի գանձարանը կը հարստացնեն:

Բայց միշտ հպարտառի՛թ:

Անոնց արժանիքները ստորագնահատելու միտում չունիմ:

Կարծէք անոնք մեր այցետոմսերը ըլլային:

Այդ «հպարտառիթ»էն քայլ մը անդին երթալով, օր մը հաշուեկշիռ պէտք է ընել, թէի՞նչ եղած է եւ է այդ «յաջողած»ներու նպաստը ազգի լինելութեան, հայրենիքի տիրութեան, անոր զարգացման, մեր համրանքի եւ մեր ինքնութիւն-մշակոյթի  պահպանութեան տեսանկիւնէն: Տարբեր ազգերու եւ երկիրներու մեր բերած բազմակողմանի «ծառայութիւններ»ը որքանով վերադարձուեցան մեր ժողովուրդին եւ երկրին, որպէս երկիր եւ ազգ կրցա՞նք այդ հռչակներով քիչ մը հզօրանալ, թէ «բարոյական յաղթանակ»ներու առթած գոհունակութեան պէս բաւարարուեցանք՝ շոյուած զգալով:

Այսօր ալ կը փնտռենք յայտնի անուններ, որպէսզի շարունակենք սնապարծութեան մշակումը, ծափերով, աղմուկով: Բայց սնապարծութեամբ ազգ կը պահուի՞, երկիր կը զօրանա՞յ, վտանգներ կը հեռացուի՞ն, արդարութիւն կը հաստատուի՞: Պայծառատեսութեան պահու մը ընտրութիւն պիտի կատարե՞նք, ինչպէս կ’ըսէին հռոմէացիները, Ռիւպիկոնի այս կամ այն կողմը գտնուելու հարցով: Փակագիծ մը. այդ կ’ըսեն միայն  հայ պըլոթ խաղցողները. Ռիւպիկանը անցաւ, Ռիւպիկոնը չանցաւ… Այդ բոլոր հռչակաւորները, հին եւ նոր, մեզի հպարտութիւն պէտք է պատճառած ըլլային եւ պէտք է պատճառեն, ազգին եւ արմատներու նկատմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութեամբ:

Ի՞նչ ըրած են Բիւզանդիոնի հայազգի կայսրերը: Կ’ըսեն տասնէն աւելի: Ինչ ինչ ձեւերով, անոնք որպէս ժառանգութիւն ստացած են Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորի երկիրը եւ հայոց մայրաքաղաք Անին, այսինքն՝ աճեցուցած են Բիւզանդիոնը ի հեճուկս մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին: Իրենց հզօրութեամբ հայոց պետութեան գոյատեւման նպաստա՞ծ են: Բիւզանդիոնի Նիկեֆոր Ֆոկաս հայազգի կայսրը Իտալիոյ Փուլիա շրջանը հայեր բնակեցուցած է կայսրութեան սահմաններու պաշտպանութեան համար, որոնց հետքը չկայ, մինչդեռ աւելի լաւ գործ ըրած կ’ըլլար, եթէ այդ հայերը բնակեցնէր Հայաստան:

Ամերիկեան բանակի հայ զօրավար մը, օրին, Ատլանտեան Զինակցութեան համագործակցութեան ծիրէն ներս ղրկուեցաւ Թուրքիա… թրքական բանակը մարզելու կամ կազմակերպելու համար: Օտարագիր բազմաթիւ հայազգի, կամ ծագումով հայ,  գրողներ եղած են եւ կան: Անոնց գրականութեան պատկանելիութիւնը ճշդողը լեզուն է եւ իրենց գրականութիւնը կը պատկանի այդ լեզուի տէր ժողովուրդին: Բայց միշտ հպարտութիւն կը պատճառեն:

Հանրի Թրուայան մեծ գրող է, Ֆրանսայի ակադեմիայի անդամ էր, բայց ֆրանսացի գրող է, եւ իր գրականութիւնը ֆրանսական գրական ժառանգութեան մաս կը կազմէ: Նոյնիսկ այնքա՜ն համակրելի եւ ջերմ զգացումներով հայ Ուիլեամ Սարոյեանի գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր, մեզ կրնայ ծանօթացնել օտարին, իր գրականութիւնը կը պատկանի Ամերիկայի: Օտար երկիրներու մէջ «յաջողած» հայ նախարարներ, գիտնականներ, բնականօրէն կը ծառայեն այն երկիրներուն՝ որոնց քաղաքացիներն են: Վիքթոր Համբարձումեանի պէս չեն վերադառնար իրենց հայրերու երկիրը, զայն դարձնելու համար ճառագայթող գիտական կեդրոն:

Ընդհակառակն. այսօր գիտնականներ, արուեստագէտներ, նաեւ գործարարներ, փոխանակ իրենց ճառագայթումով եւ կարողութիւններով ազգ եւ պետութիւն կառուցելու, զուտ անհատական-եսական բաւարարութեան պատճառով հայրենիք կը լքեն: Ուրիշներ ալ երբեմն Հայաստան կու գան որպէս նորատեսակ «տուրիստ» պատիւներու արժանանալու համար: Բացասական օրինակներ, որոնք կարծէք ցոյց կ’ուզեն տալ, թէ դուրս պէտք է գալ հայրենիքէն յաջողելու համար, որ հայրենիքը նեղ է իրենց տաղանդին եւ փառասիրութիւններուն համար: Իրապէս անոնք ի՞նչ կը բերեն հայրենիքին եւ սեփական ժողովուրդին, բացի հայ անուան յիշատակումէն: Պետութեան բարձրագոյն մակարդակէն մինչեւ համեստ լրագրողը այս պարզ հարցումին պատասխան չէ տրուած ցարդ, որպէսզի անոնց «յաջութիւններ»ը քարոզչութեան եւ սնապարծութեան նպաստելէ զատ, հայրենիքին եւ պետութեան հզօրացման օգնած ըլլան:

Երբեմն Մարթէն Լուտէր Քինկի պէս պէտք է բաձրաձայն ըսել՝ I have a dream, երազ մը ունիմ: Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ «յաջողած» հայերը իրենց յաջողութիւնները որպէս դրամագլուխ ներդրումի վերածեն Հայաստանի մէջ…

Երա՞զ է, որ արուեստագէտը հաստատուի Հայաստան եւ իրեն հետ պայմանագիր կնքողները գան Հայաստան զինք գտնելու, կամ ինք երթայ, պայմանագիր կնքէ, աշխատանքը կատարէ եւ վերադառնայ, իր հայկական անցագրով, ոչ ստացուած այլազան անցագրերով:

Բազմաթիւ վաճառատուներու տէր հայը Հայաստանը ինչո՞ւ պիտի չդարձնէ իր գործառնութիւններուն կեդրոն եւ այնտեղէն ճառագայթէ: Ինչո՞ւ այդ կ’ընեն պզտիկ երկիր Զուիցերիոյ մէջ եւ պիտի չընեն Հայաստան: Եթէ իրենք գան, իրենց հետ կու գան կարգը եւ կանոնը, կը յաղթահարուին խոչնդոտները:

Հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք Երեւանի ստեղծագործ մանուկներու կեդրոն ԹՈՒՄՈյի յաջողութեան: Ինչո՞ւ չունենալ չափահասներու ԹՈՒՄՕ եւ անոր գիւտերն ու իրականացումները վերածել ազգային հզօր դրամագլուխի, փոխանակ բանտարկուելու տրուող-ստացուող բարեսիրութիւններու գաճաճութեան մէջ, հաշտուելով այն կացութեան հետ, որ գիտական ներուժը հեռանայ երկրէն:

Եթէ հայերու «ուղեղ»ի, ճարտարութեան եւ դրամագլուխի հզօրութիւնը կազմակերպուած ձեւով բերուի Հայաստան, արմատաւորուի Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, մենք ծնունդ կու տանք Նոր Զուիցերիոյ:

I have a dream, ըսար Մարթէն Լուտէր Քինկ… Եթէ նման երազ մը ունենան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի նիւթական, «ուղեղ»ի եւ տաղանդներու կարողականութիւն (potentiel) ունեցող հայերը, Հայաստան եւ Արցախ կը վերածուին աշխարհներու ուր ապրիլ ցանկալի կ’ըլլայ:

Րաֆֆի երազեց մեր յեղափոխութիւնը: Երազեց ինչ որ չունէին հայերը եւ ունէին մեծ ժողովուրդները:

Եթէ այսօր մեր մեծերը, քաղաքական գործիչներ, զինուորականներ, դրամատէրեր, գիտնականներ, արուեստագէտներ իրենք զիրենք քիչ մը Մարթէն Լուտէր Քինկ զգային, երազելու հպարտութիւն ունենային…

Միացեալ նահանգներէն երեք օրով Հայաստան եկած բարեկամի մը հանդիպեցայ: Աւետիս տալու պէս խօսեցաւ մարմին առած երազի մը մասին: Այսինչ քաղաքէն այնինչ գիւղը գացող ճամբուն վրայ երեք հազար ծառով այգի ունի… Եթէ իրեն պէս հինգ հարիւր կամ հազար հայեր, որոնց համար մեծ զոհողութիւն պիտի չըլլայ երեք հազար ծառով այգի ունենալ, Հայաստանը կ’ըլլար կանաչ աշխարհ…

Իսկ այնքա՜ն անկարելի է, որ հայազգի օտարագիր գրողը գիտակից ճիգով եւ կամքով հայերէն սորվի, հայերէն գրէ եւ հայերէն գրուած գիրքը թարգմանուի, ինչպէս կը թարգմանուին ճաբոնցի եւ չինացի գրողները:

Եթէ մեր տուներուն եւ գրասենեակներուն մէջ, պատերուն վրայ որպէս ներշնչման գեղօր կախէինք I have a dreamը…

Օտարագիրները առաջնորդելու համար հայերէն խօսելու եւ գրելու, տալ օրինակը Կոստան Զարեանի, ըսել թէ ան ե՞րբ հայերէն սորված եւ գրած է:

Եթէ հայրերը սկսին երազել, զաւակներն ալ կ’երազեն, եւ…

Թերեւս զաւակները պիտի երազեն եւ օրինակ ըլլան մսկոտ հայրերուն…