Ախալցխացիներու Ուխտագնացութիւնը Արեւմտեան Հայաստան

Էրկիր, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 25-ին, Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ․ Տ․ Յակոբ աբեղայ Սահակեանի, Նինոծմինդայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Արմաշ քհն․ Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ եւ հոգեւոր տեսչութեան բարերար Մանուէլ Թորոսեանի հովանաւորութեամբ՝ շուրջ 40 հաւատացեալ ուղեւորուեցաւ դէպի Արեւմտեան Հայաստան։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ուխտաւորները առաջին անգամ այցելցին Չըլդր լիճ (Ծովակն Հիւսիսոյ), որմէ ետիք ուղեւորուեցան դէպի Կարս։ Այցելեցին Կարսի Առաքելոց եկեղեցին, որ կառուցուած է Հայոց Աբաս Բագրատունի թագաւորի ժամանակ 928-953թթ., որ, ցաւօք սրտի վերածուած է մզկիթի։ Ուխտաւորները հիացան Կարսի բերդի անառիկ տեսքով, ուրկէ կը բացուէր Կարսի համայնապատկերը։

Ուխտաւորները անցան Սբ․ Վարդանի կամուրջով` տեսնելով սեւ քարով պատրաստուած երկյարկանի տուները եւ անոնց կողքին Եղիշէ Չարենցի հայրական տան փլատակները։ Յաջորդ կանգառը Անիի Մայր Տաճարն էր։ Այցելեցին նաեւ Եաղջիլար (Քարընկոցը) գիւղ, ուրկէ գաղթած են Փոքր Պամաճ գիւղի բնակիչները։

Յաջորդ օրը ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Էրզրում`Արեւմտեան Հայաստանի հայաշատ քաղաքներէն մէկը, ուրկէ Կարապետ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ՝ 1830-ին, շրջակայ հարիւրաւոր գիւղերու հետ մէկտեղ, մօտ 50 հզ. հայ գաղթած եւ բնակութիւն հաստատած էր Ջաւախքի մէջ: Էրզրումի մէջ այցելեցին հայկական Եկեղեցի եւ Սանասարեան վարժարան։

Ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Տարօն աշխարհ՝ Մուշ: Մուշի մէջ այցելեցին Սբ. Մարինէ եկեղեցին, որ կիսաաւեր է, նաեւ Հայկական գերեզմանատունը, ուր ամփոփուած է Գէորգ Չաուշի աճիւնը, բարձրացան Սուլուխի կամուրջ, ուր անհաւասար մարտի մէջ զոհուած է Գէորգ Չաուշը:

Յաջորդ այցը Աղթամար կղզին էր, Սբ. Խաչ տաճարը՝ Արծրունեաց հարստութեան ու փառքի լուռ վկան: Անիկա կառուցած է Ճարտարապետ Մանուէլը 915-921թթ.:

Յաջորդ կանգառը եղաւ Արեւմտեան Հայաստանի դրախտավայրերէն մէկը՝ Հայոց առաջին մայրաքաղաք Վան: Վանայ բերդ, որ կառուցուած է Ուրարտական ժամանակաշրջանին, ուր կը գտնուին Արգիշտիի, Մենուայի, Ռուսայի դամբարանները: Ուխտաւորները այստեղ այցելեցին Բայազետի բերդը: Բարձրագագաթ քարաժայռի վրայ կը գտնուի հինաւուրց բերդը, այդ մասին գերմանացի ճանապարհորդ Վակներ գրած է. «Յանդուգն եւ հրաշակերտ շինուածք է․ հաստատուած է այնպիսի տեղերու վրայ, որ բազէներն ու անգղները հազիւ թէ կը համարձակին բոյն դնել»։

Հիացան Բերկրի ջրվէժի գեղեցկութեամբ։ Այցելեցին նաեւ Մհերի դուռ։

Ուխտաւորները միասնաբար աղօթեցին եւ Հոգեւոր կենարար մեծ ուժ ստացած վերադարձան Ախալցխա։