Սփիւռքի Համար Կարեւոր է Նախարարութիւն Ունենալը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. OTV-ի հեռուստակայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարարութեան՝ յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ առաջնային պիտի ըլլայ Սփիւռքը:   […]

Պոլսոյ Հայաշատ Շրջանի Մը Մէջ Փոխած են Փողոցներէն Մէկուն Հայկական Անուանումը

Պոլսահայ համայնքի գործունեայ գործիչներէն Նազարէթ Դաւիթեան դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ Պաքըրքոյ շրջանին մէջ գտնուող Տատեան փողոցէն անհետացած է փողոցի Տատեան անունը մատնանշող ցուցանակը եւ անոր փոխարէն «Մապէթ» […]

Յիշատակումներ՝ Ձօնուած Հրանդ Տինքի Տարելիցին

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս պոլսահայ նահատակ հերոս Հրանդ Տինք զանազան միջոցառումներով պիտի յիշատակուի իր նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առթիւ: Կիրակի, 20 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին տեղի պիտի ունենայ […]

ՀՀ Կառավարութիւնը Սփիւռքի Հետ Յարաբերութիւններու Մակարդակի Բարձրացման Տարբերակը Պիտի Քննարկէ Մեր Հայրենակիցներուն Հետ. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան այսօրուան նիստին, անդրադարձած է Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ «Ես կ՝ուզեմ առանձնայատուկ անդրադառնալ Սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ […]

Սուրիոյ Նախագահը Խոստացած է Վերականգնել Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ հանդիպումը անցած է բաւական կառուցողական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Հայաստանէն Սուրիա մեկնած խումբը գլխաւորած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ […]

«Հայ Մամուլի Տարուան» Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

2019 տարին Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Արդարեւ, Կիրակի, 12 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր […]

Հայ Դատի Գործիչներու Հանդիպումը Նոր Քոնկրեսի Անդամներուն Հետ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատի նոր սերունդի շարք մը գործիչներ, փորձառու գործիչներու կողքին, շարք մը հանդիպումներ ունեցան Միացեալ Նահանգերու նորընտիր՝ 116-րդ Քոնկրեսի անդամերուն հետ, մօտէն ծանօթանալով […]

Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան Նախարարը այցելեց Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն

Յունուար 6-ի առաւօտեան ժամերուն, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան Նախարար Ատրիան Տիքս այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Վանգուվըրի Հայ կեդրոն: Նախարար Տիքս իր կողակիցին հետ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Իսլամական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան Գործադիր Վարչութեան երեք անդամները։   […]

«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի Երաժշտասէր Հանրութիւնը Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ  հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան համերգով` ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին: Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ […]