Սուրիոյ Նախագահը Խոստացած է Վերականգնել Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ հանդիպումը անցած է բաւական կառուցողական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Հայաստանէն Սուրիա մեկնած խումբը գլխաւորած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեան, որ Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուցած է մանրամասներ հանդիպման մասին:

 

Ճորճ Բարսեղեան նշած է, որ աշխուժութիւնը սկսած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նոր դեսպան նշանակուելէն ետք: Դեսպանատան նոր կազմը սկսած է աշխոյժ կերպով աշխատիլ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ հայ համայնքին հետ: Այդ ժամանակ ընտրուած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի վարչութիւն, որ կը գլխաւորէ Ճորճ Բարսեղեան:

 

«Հարց դրուեցաւ, որ այս վարչութիւնը աշխուժացնէ Սուրիա-Հայաստան կապերը: Առաջին քայլը այն եղաւ, որ հանդիպում խնդրեցինք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Շատ արագ դրական արձագանգ եղաւ: Հանդիպում նախատեսուեցաւ ո՛չ միայն Սիրիոյ նախագահի, այլեւ երկրի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Վարչութիւնը պատուիրակութիւն կազմեց, ուր ընդգրկուած էին սուրիահայեր, հայաստանցի գործարարներ, գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներ»,- ըսած է Ճորճ Բարսեղեան:

 

Ան նկատած է, որ Սուրիոյ թնճուկը, կարծես, լուծում կը ստանայ: Բարեբախտաբար, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը կրցած է ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարել: ԱՄՆ կը մտածէ զօրքերը դուրս հանելու մասին եւ արդէն կը ձեռնարկէ գործնական քայլեր: Շարք մը արաբական երկիրներ եւս կը մտածեն Սուրիոյ մէջ դեսպանատուները բանալու մասին: Այս ամէնը կ՝ենթադրէ Սուրիոյ վերականգնում, իսկ ատոր համար նախատեսուած են բաւական խոշոր տնտեսական ծրագիրներ:

 

«Սուրիական կառավարութիւնը տրամադրուած է այս ծրագիրներուն մէջ առաջնահերթութիւնը տալ այն երկիրներուն, որոնք այս տարիներուն եղած են իրենց կողքը: Անոնցմէ է Հայաստանը, որ պատերազմի տարիներուն դեսպանատունը չփակեց, պետական կապը միշտ պահպանեց, օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա: Եւ յառաջիկայ վերելքին ընթացքին, գործարար ծրագիրներու մէջ, վերականգնման աշխատանքներուն մէջ առաջնահերութիւն պիտի տրուի հայերուն»,- ըսած է Ճորճ Բարսեղեան:

 

Ան նկատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ հայկական համայնքին, այդ մասին միշտ ըսուած է: Ճորճ Բարսեղեան պատահական չէ համարած այն, որ Սուրիոյ նախագահը խոստացած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին իր միջոցներով վերականգնել:

 

Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ եղած են վարչապետի, խորհրդարանի նախագահի, գործարար ոլորտի ընկերութիւններու հետ: Նախանշուած են ուղղութիւններ յետագայ համագործակցութեան համար:

«Մեր այցելութիւնը ունէր քանի մը նպատակ: Նախ` Հայաստան-Սուրիա կապերու աշխուժացումն ու ամրապնդումը: Բացի այդ, կ՝ուզէինք մեր աջակցութիւնը յայտնել Սուրիոյ նախագահին ու կառավարութեան: Հայաստանը այն իւրայատուկ երկիրներէն է, որուն հասարակութեան մեծ մասը Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան կողմնակիցն է, ի վերջոյ մենք այդ իշխանութեան կառավարման ժամանակ կրցած ենք բաւական յաջողութեան հասնիլ: Պատշաճ առիթ էր մեր աջակցութիւնը ցոյց տալու: Ի վերջոյ, մենք Սուրիոյ մէջ ունինք հայ համայնք՝ ըլլայ Հալէպի մէջ, Դամասկոսի, Գամիշլիի, թէ Լաթաքիոյ: Տեղի հայերը շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ են իշխանութիւններուն հետ, մենք պէտք է նաեւ այդ մասին մտածենք»,- ըսած է  Ճորճ Բարսեղեան:

 

Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումը նշանաւոր դարձած է խորհրդանշական նուէրի մը փոխանցումով: Սուրիոյ նախագահին փոխանցուած է Հայաստան գտնուող յուշարձանի մը նմանակը, որ կը խորհրդանշէ հայերուն երախտագիտութիւնը Սուրիոյ ժողովրդին Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն տրամադրուած մեծ աջակցութեան համար: Յուշարձանը կը գտնուի դէպի «Զուարթնոց» օդակայան տանող ճանապարհին, անիկա կառուցուած է սփիւռաքահայերու միջոցներով: Յուշարձանը կը պատկերէ Սուրիոյ քարտէզը, հայկական արծիւը, յաւէրժութեան սիւնը, որուն վրայ գրուած է 1915 թուական: 2013-ին տեղի ունեցած է յուշարձանի ոչ պաշտօնական բացումը:

 

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահը Դեկտեմբերի վերջը իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը, Հայաստանի գործարարները՝ Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ: