Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ջանքերով 2019-ին Աշխոյժ Թափով Կը Վերականգնին Ազգային Կառոյցները. Ժիրայր Ռէյիսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը 2019-ին աշխուժ թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքը: Ինչպէս որ 2018-ին այդ ուղղութեամբ զգալի աշխատանք տարուած էր, նոյնպէս ալ այս տարի աշխուժօրէն պիտի շարունակուի այդ աշխատանքը:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ 2019-ը աշխարհին համար ըլլայ խաղաղ տարի մը: Հալէպի ազատագրումէն ետք սկսաւ վերականգնումի հոլովոյթ մը: Կրնանք ըսել, որ կեանքը խաղաղ ընթացքին վերադարձած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարեց վերականգնումի աշխատանքներուն մասին, անոնք սկսած են եւ ընթացքի մէջ են: Պէտք է նկատել, որ այդ վերականգնումի հոլովոյթը միայն հայ համայնքին մէջ չ՛ընթանար, Սուրիոյ իշխանութիւնն ալ այդ գործին ձեռնամուխ եղած է»,- ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Անդրադառնալով հայ համայնքի վերականգնումին`, Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ շարք մը կառոյցներ արդէն վերանորոգուած են: Ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Հալէպի հայ ազգային պատսպարանը: Այնուհետեւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մասնաշէնքերէն մէկը եւ այնտեղ կը շարունակուի ուսումնական կեանքը:

Նախորդ տարի վերանորոգուած է նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը:

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ վերականգնումի աշխատանքները մեծ թափով պիտի շարունակուին 2019-ին: Պիտի վերանորոգուին բոլոր կառոյցները` առաջնահերթութեան համաձայն: Ան նկատել տուաւ, որ Հալէպի մէջ աշխուժացած է խանութներու, գործարաններու բացման հոլովոյթը եւս:

«Անոնց շարքին նաեւ հայերու խանութներն ու գործարաններն են: Այսինքն` կրնանք ըսել, որ արդիւնաբերական բաժինը եւս կը վերականգնի, թէեւ ոչ ամբողջական ծաւալով, որովհետեւ ի վերջոյ շատ մը գործարաններ վնասուած են, մեծ կորուստներ կան: Ամէն պարագայի, սակայն, աստիճանաբար տեղի կ՛ունենայ այդ ոլորտին վերականգնումը եւս»,- ըսաւ ան:

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց նաեւ սուրիահայերուն Հալէպ վերադարձին մասին: Շատեր կը վերադառնան Հալէպ` իրենց բնակարաններուն մէջ բնակելու, իրենց գործատեղիները վերաբանեցնելու: Կը վերադառնան ե՛ւ Սուրիոյ այլ նահանգներ մեկնածները, ե՛ւ Սուրիայէն դուրս եկողները:

Հալէպի մէջ նախորդ տարի վերանորոգուած են նաեւ ենթակառոյցները: Ջրամատակարարումը բնական կերպով կ՛ընթանայ, ելեկտրականութիւնը օրուան որոշ ժամերուն արդէն կայ: Հանրային ծառայութեան միւս բաժինները եւս բնականոն կ՛աշխատին:

«Հալէպի ազատագրումէն ետք, սուրիական բանակը ազատագրեց երկրին վտանգուած շրջանները եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի: 2018-ին իսկապէս նկատելի էին խաղաղութեան վերահաստատումին ուղղուած բոլոր աշխատանքները: Տարեվերջին ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու մասին որոշում տրուեցաւ, որուն հետեւեցան որոշ գործնական քայլեր: Այժմ կ՛ակնկալենք, որ կանխուի թրքական ներխուժումը եւ թրքական ուժերը վերջնականապէս դուրս գան սուրիական տարածքներէն: Թուրքիոյ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ, որ ան մեծ վնասներու պատճառ հանդիսացաւ` թէ՛ մարդկային կորուստներու եւ թ՛է կողոպուտի ու թալանի առումով»,- աւելցուց ան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կառավարման համակարգի փոփոխութիւններուն, նախարարութիւններու թիւի կրճատումին, որոնց շարքին է նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը: Ան այդ առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց` ընդգծելով սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութիւնը:

«Ինծի համար քիչ մը անհասկնալի է սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը: Այս կառոյցը մեծ թիւով հայերու հետ գործ ունի, մեծ դերակատարութիւն ունի հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութեան  մասին տակաւին շատ բան կարելի է ըսել: Արժէ նաեւ հարցում ուղղել այդ ծրագիրը իրագործողներուն` թէ արդեօք այս նիւթը քննարկուա՞ծ է սփիւռքի պատասխանատու, հեղինակաւոր անձերուն հետ: Ուշագրաւ է նաեւ մշակոյթի նախարարութեան պարագան: Կը նախատեսուի զայն միացնել ուրիշ նախարարութեան: Մշակոյթը ժողովուրդին հայելին է, երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը յաճախ կ՛ըսէր, որ մշակոյթը յաղթանակի ճամբան է»,- եզրափակեց Ժիրայր Ռէյիսեան: