Յիշատակումներ՝ Ձօնուած Հրանդ Տինքի Տարելիցին

Սփիւռք

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս պոլսահայ նահատակ հերոս Հրանդ Տինք զանազան միջոցառումներով պիտի յիշատակուի իր նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առթիւ:

Կիրակի, 20 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին տեղի պիտի ունենայ Հոգեհանգստեան պաշտօն, Հրանդ Տինքի եւ Սարգիս Հացպանեանի հոգիներուն համար, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640):

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306) պիտի նշուի Հրանդ Տինքին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյ մը, որուն ընթացքին Պոլիսէն ժամանած դասախօս, ճարտարապետ եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի պատմական  բաժինի լրագրող Զաքարեա Միլտանօղլու, նաեւ Պերլինէն ժամանած պոլսահայ գրող եւ թղթակից Հայկօ Պաղտատ, որոնք պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ «Հրանդ Տինք Ազատութեան եւ Արդարութեան» մետալի շնորհում Զաքարեա Միլտանօղլուի: