«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի Երաժշտասէր Հանրութիւնը Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

Սփիւռք

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ  հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան համերգով` ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին:

Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ նախ հնչեցուց «Տէրունական աղօթք»-ը` Մակար Եկմալեանի մշակումով, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը Ս. Ծննդեան շարականներ: Առ այդ, երգչախումբի դաշնակահար Մարիա Փալազեան-Բարսեղեանին միացաւ ջութակահարներու եւ թաւջութակահարներու կազմ մը, որ առաւել եւս հրապուրիչ դարձուց եկեղեցւոյ մէջ արձագանգող սքանչելի կատարողութիւնը «Շնորհալի»-ին:

Երգչախումբը Ս. Ծնունդի պատգամը հրամցուց հոն հաւաքուած հոծ բազմութեան հոգիները պարուրելով հայկական եւ միջազգային երգերով: Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին կարծես վերածուեցաւ մեր հայկական պատմական եկեղեցիներէն մէկուն, ուր «Խորհուրդ մեծ», «Սուրբ, սուրբ», «Քրիստոս պատարագեալ» եւ այլ շարականներ հնչեցին եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը հաղորդեցին համայն աշխարհին:

Աւարտին, բեմ բարձրացաւ վեհափառ հայրապետը, որ բարձր գնահատեց հայր սուրբին եւ երգչախումբի անդամներուն տարած հետեւողական աշխատանքը: Ան դիտել տուաւ, որ առաւելաբար սիրողական բնոյթ ունեցող երգչախումբը փաստեց իր արհեստավարժ եւ բարձրորակ կարողութիւնը` շնորհիւ լուրջ եւ յարատեւ աշխատանքի:

Համերգը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգը միաբերան երգելով: