ՀՀ Կառավարութիւնը 3 Միլիառ 975 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած է Մարզերու Մէջ Առաջնահերթ Լուծում Պահանջող Ծրագրերու Իրականացման Նպատակին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան համակարգումով կը շարունակուին ՀՀ մարզերուն մէջ ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման, ոռոգման, կրթական, մշակութային, առողջապահական, ճանապարհաշինութեան, բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսական սարքերու ձեռքբերման եւ այլ նպատակներով առաջնահերթ լուծում պահանջող հիմնախնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքները։

 

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ այդ նպատակով 2018-ին ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին եւ ՀՀ մարզպետարաններուն յատկացուած է 3 միլիառ 975 միլիոն դրամ՝ 216 ծրագրերու իրականացման նպատակով, որուն վերջնաժամկէտ սահմանուած է 2019 Դեկտեմբեր 20։

 

Այսպէս, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին ՀՀ մարզերուն մէջ առաջնահերթ լուծում պահանջող շուրջ 192 ծրագրերու իրականացման նպատակով յատկացուած է 3 միլիառ 657 միլիոն 994․3 հազ դրամ։