Category: Սփիւռք
Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Նշում Աթէնքի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակ Հրաւէր՝ համայն հայութեան Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ Կիրակի՝ 14 Ապրիլ 2019 առաւօտեան ժամը 11։00ին Աթէնքի Ռազմական Թանգարան (Ռիզարի 2, մեթրօ էվանկելիզմոս) Հանդիսավար՝ ընկհ. Ալիս Ֆարաճեան Ողջոյնի խօսքեր՝ Հելլէն […]
«Հոգեւոր Հայաստան» Համանուագային Հանդէս Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին Առթիւ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ«Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀոգեւորՀայաստան» համանուագային հանդէս մը, նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:Համերգը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանիհովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Հանդիսութեան հովանաւորներն էին տիկին Շաքէ Կէօնճեան, տիարՄանուկ Չուխաճեան, «Բաստրմաճեան» հիմնադրամն ու տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Մարալ Թաշճեանները: Յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Նորա Արուշեան: Բացառիկ կոչուելու արժանի նուագախումբը, խմբավարութեամբ տիար Ալէն Թրուտէլի, առաջին բաժինովկատարեց Ռավէլի «Գուփերէնի գերեզման» ստեղծագործութիւնը եւ Կոմիտաս Վարդապետիստեղծագործութենէն պարերգներ, որոնց նուագախմբային մշակումը կատարած էր երաժշտագէտ ՊետրոսՇուճունեան: Երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ Պրամսիի «Ողբերգական նախերգական»ը, «Արար 81»ը եւ ԿոմիտասեանՊատարագի նուագախմբային տարբերակը՝ նոյնպէս տիար Շուճունեանի մշակումով: ԵրաժշտագէտըԿոմիտասեան Պատարագի այս մշակումը ձօնեց Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեանի Քահանայական օծման 35-ամեակին: Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին հազարի հասնող հանդիսատեսներ, որոնցմէ պատկառելի թիւ մը՝օտարներ: Դիւան Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի
Ռեմոն Գէորգեան Մաս Կը Կազմէ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան Հետազօտութեան Յատուկ Յանձնաժողովին
Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-ամեակին առթիւ՝ նախագահ Մաքրոնի յատուկ յանձնարարութեամբ՝ կը ստեղծուի «Պատմաբաններու եւ հետազօտողներու յանձնաժողով մը, որ պիտի կատարէ խորքային աշխատանք, կեդրոնանալով 1990-էն 94 Ռուանտայի վերաբերող ֆրանսական դիւանաթուղթերու ուսումնասիրութեան վրայ»։ Յանձնաժողովը […]
Մաքրոն Ստորագրեց Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Հռչակելու Մասին Համաձայնագիրը
Ֆրանսայի նախագահը կատարեց Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Ապրիլ 10-ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, կը հաղորդէ “Երկիրմետիա”-ն Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան […]
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբի Նորակառոյց Սրահի Բացումը՝ Պէյրութի Մէջ
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի նորակառոյց սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. […]
Հերի Նաճարեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս
29 Մարտ 2019-ին հրատարակուած թիւ 4496 պետական հրամանագիրով Քալիֆորնիոյ ազգայիններէն Հերի Հրայր Նաճարեան նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս : Այս նշանակումով ցարդ երեք ազգայիններ նշանակուած են պատուոյ հիւպատոս Պանքոքի, […]
Իտալիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Թուրքիոյ Կոչ Ընող Բանաձեւը
Քիչ առաջ Իտալիոյ Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՛ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տալու միջազգային հնչեղութիւն, կը հաղորդէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Նախաձեռնութեան կողմ քուէարկած է 382 […]
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ցոյցը՝ «Սթէյփըլզ» Կեդրոնին Առջեւ
Կիրակի, 7 Ապրիլի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Սթէյփըլզ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տեղւոյն «Լէյքըրզ» եւ Եութայի «Ճեզ» խումբերուն միջեւ մրցումէն դուրս եկող հազարաւոր համակիրները ականատես եղան տասնեակներով ցուցարարներու, որոնք կը […]
ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Համագործակցութեան Շրջանակներ Կը Ճշդեն
Երկուշաբթի, 8 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Տխրունի ուսանողական- երիտասարդական միութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երկրորդ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։ Հանդիպման սկիզբը […]
Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Նուիրուած Յուշ Երեկոյ Այնճարի Մէջ
Շաբաթ 6 Ապրիլ 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին և Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած […]










