Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Նուիրուած Յուշ Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Շաբաթ 6 Ապրիլ 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին և Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած յուշ երեկոն: Այս մասին կը հաղորդէ mousaleranjar.org-ը։

Ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Յ.Դ Կ.Կ.-ի անդամ և Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետ՝ վարդգէս Խօշեան, , ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը՝ Ցողիկ Հաւաթեան, Ազգային երեսփոխան՝ տիկին վիքի Գարագաշեան- Այնթապլեան, գիւղիս մէջ գործող միութեանց վարչութիւնները, և մեծ թիւով հայրենակիցներ, աշակերտներ ,երիտասարդներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատլէն Խօշեան որ իր խօսքի սկիզբը յայտնեց թէ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ երկու յանձնախումբերը իրենց ծրագրին մէջ ներառած էին նշել Կոմիտասի ծննդեան 150- ամեակը արժանաւոր յայտագրով, Այնճար հայաւանի ժողովուրդին համեստ պարտքը տալու մեծ հայուն՝ երաժիշտին 150-ամեակին առիթով: Ան շարունակեց ըսելով « Անգնահատելի է մեծն կոմիտասին աշխատանքը, հաւաքել, մշակել և տարածել հայ գեղջկական երգը անոր առօրեայ կեանքը յատկանշող պատկերներով: Հայ մշակոյթին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Կոմիտասեան պատարագը և իր «Գուսան» երգչախումբին քառաձայն կատարումները»: Եզրակացնելով ան ըսաւ «Այնքան ատեն որ Կոմիտասը կը հնչէ, հայ ազգը կը մնայ անմահ»:

Ձեռնարկին հաղորդավարութիւնը վարեց Նաթալի Տէր-Ստեփանեան- Քէնտիրճեան: Ողջունելէ ետք ներկաները ան մերթ ընդ մերթ յայտագիրը ներկայացնելով վեր առաւ Կոմիտասի դերը հայ երաժշտութան անդաստանին մէջ ու ըսաւ, « 150 ամեակ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամենէն հոգեհարազատին՝ հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերածնած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորուած, այլև աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած, անզուգական, անկրկնելի կոմիտաս վարդապետ»:

Արդարեւ, գեղարուեստական առաջին բաժինով Վրեժ Հաճեան մեկնաբանեց կոմիտասեան երգերէն «Ճանապարհ» և «մի տխրութիւն» երգերը Կիթառով: Ապա Կրէյս Գալուստեան իւրայատուկ ոճով մը ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Մթագնումի» բանաստեղծութենէն հատուած մը:

Օրուան բանախօս մայսթրօ՝ Զաքար Քէշիշեան բծախնդրութեամբ ու խորաթափանց մեկնաբանութեամբ ներկաներուն ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գերագնահատելի գործունէութիւնը: իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին խօսելով և հրապուրելով ներկաները, ան խորհրդանշանական հետք ձգեց ներկաներուն մօտ, քայլ առ քայլ հետեւելու իր ներկայացուցած Կոմիտասի կեանքի իրադարձութիւններուն: Ան հաճելի և դիւրամատչելի խօսքերով ծանօթացուց Կոմիտասի կեանքի դրուագները, ծնունդէն մինչեւ եղերական մահը: Եզրակացնելով ան պատգամեց որ մեր հայկական վարժարաններուն մէջ հաստատուին բանասիրական պահեր որպէսզի հայ աշակերտները իրազեկ դառնան մեր ազգային պատմութիւնը կերտած բոլոր հերոսներու կեանքին ու գործունէութեան:

Ապա գեղարուեստական երկրորդ բաժինով, Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ կենդանի պատկերով ներկայացուցին «Անլռելի Զանգակատուն»-ը բեմադրութեամբ՝տիկին Նայիրի Հապեշեանի: Ներկայացումը ինքնին հարազատ խորհրդանիշն էր Կոմիտասի կեանքի պատկերներուն:

Ապա Տիկին Սիլվա Քեչէճեան Իւրայատուկ ձայնով մեներգեց կոմիտասեան երգ մը, նուագի ընկերակցութեամբ՝ Շաղիկ Հապեշեանի ջութակ և Լիլիթ Աբրահամեանի դաշնամուր:

Ձեռնարկի աւարտին գիւղի հոգեւոր հայրերը պահպանիչով փակեցին օրուայ յուշ երեկոն: Հայ՛ երաժշտութեան մեծ երաժշտագէտ՝ Կոմիտաս վարդապետի հոգեցունց շունչն ու ոգին ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին հմայեց Այնճարի ժողովուրդը և ներկաները մեծ հպարտութեամբ, սրտի անհուն բերկրանքով ու Կոմիտասեան օրհնանքով մեկնեցան սրահէն: