«Հայաստանի Համար Նոր Օր Բացուած է»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Երեկոյ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան

«Հայաստանի համար նոր օր բացուած է», յայտարարեց իր խօսքին մէջ քոնկրէսական Ճէքի Սփիր՝ ելոյթ ունենալով ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի երեկոյին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիակայի ձայնը»։

«Հայաստանի համար նոր, հրաշալի օր բացուած է վարչապետ Փաշինեանի հետ, որուն տիկինը մենք պատիւ ունէինք հիւրընկալելու մէկ շաբաթ առաջ: Անոնց մասին մտածելով ես ակամայ կը ժպտամ միայն, ինչպէս Փաշինեանը յաջողեցաւ երկիրը պայծառ ժողովրդավարութեան վերածել, եւ այդ ամէնը խաղաղ, մարդիկ պարզապէս կը պարէին փողոցներուն մէջ, մէկ կաթիլ արիւն չթափուեցաւ»,- նշեց քոնկրէսական Սփիր, որուն մայրը հայ է: Քոնկրէսականը յայտարարեց, որ նամակով պիտի դիմէ նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կոչ ընելով ԱՄՆ-ի ղեկավարին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Այս հարցով հայ համայնքը ունի գաղտնի զէնք,- կատակեց Ճէքի Սփիր,- անհրաժեշտ է, որ Քիմ Քարտաշեանը Twitter-ով կոչ ընէ Տանըլտ Թրամփին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Իսկ եթէ լուրջ, ուստի Միացեալ Նահանգները պարզապէս պարտաւոր է ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, համոզուած է քոնկրէսականը.

«Մեր երկիրը հանդէս կու գայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ճշմարտութիւնը սատարողի դիրքերէն եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը չընդունուի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ»:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի համահեղինակ, ազդեցիկ դեմոկրատական քոնկրէսական Ադամ Շիֆ, իր ելոյթին մէջ նոյնպէս նշեց, որ ատիկա բարոյական հրամայական է: «Չէ՞ որ ցեղասպանութեան ժխտումը, Էլի Վիզէլի բնորոշումով, կրկնակի սպանութիւն է»,- կը նշէ Շիֆ, աւելցնելով, որ այդ ժխտման քաղաքականութիւնը այսօր բռնութիւններու եւ մարդկային կեանքերու կորուստներու վերածուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ղարաբաղին ուղղուող ամերիկեան օգնութեան հարցը Երեքշաբթի առաւօտեան Քոնկրէսին մէջ բարձրացուցած էր նաեւ Քոնկրէսական Պրէտ Շերմանը, որ լսումներու ընթացքին հաւաստիացում ստացաւ ԱՄՆ-ի կառավարութենէն, որ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսէ ֆինանսական միջոցներ ուղղել Ղարաբաղի մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով:

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, որ պաշտօնական Անգարան կը ժխտէ, ուստի, ըստ քոնկրէսական Շերմանի, անիկա պատմական փաստ է, որուն ճանաչումը անհրաժեշտ է նաեւ Թուրքիոյ, որ այդ պարագային բոլորովին այլ երկիր պիտի դառնայ.

«Պատկերացուցէք, ո՞վ կը փափաքէր դաշնակիցը ըլլալ Գերմանիոյ, եթէ ան հերքէր Ողջակիզումը»:

Հայաստանի հետ բարեկամութեան Քոնկրէսի խումբի համանախագահ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնը, իր կողմէ կրկին անդրադարձաւ Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան», որ, իր խօսքով, պէտք է գնահատուի Միացեալ Նահանգներու կողմէն, քանի որ մինչ բազմաթիւ նախկին խորհրդային պետութիւններ կ՝երթան բռնատիրութեան ուղիով, Հայաստան յաջողած է ճիշդ ուղին ընտրել: