Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Նշում Աթէնքի Մէջ

Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակ

Հրաւէր՝ համայն հայութեան

Կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ
Կիրակի՝ 14 Ապրիլ 2019 առաւօտեան ժամը 11։00ին
Աթէնքի Ռազմական Թանգարան (Ռիզարի 2, մեթրօ էվանկելիզմոս)
Հանդիսավար՝ ընկհ. Ալիս Ֆարաճեան

Ողջոյնի խօսքեր՝
Հելլէն Կառավարութեան, Հելլէն Խորհրդարանի, Ատտիկէի Մարզպետարանի
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան
Ուղերձ՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ընկ. Արման Գրիգորեան

Օրուան բանախօս՝
Հրատարակիչ — Լրագրող պրն. Նիքոս Խածինիքոլաու

Կը մասնակցին՝
— Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
«Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի
— Յունաստանի «Համազգային»ի «Նայիրի» պարախումբը
պարուսուցութեամբ՝ պրն. Էտկար Էկեանի

Պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Սինտաղմայի
Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը,
ուր տեղի պիտի ունենայ դափնեպսակներու զետեղում

* * *
Նախաձեռնութեամբ՝ Ատտիկէի մարզպետարանի
Նախագահութեամբ՝ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու

Հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում

Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ
Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլ 2019ին, կէսօրէ ետք ժամը 16:30ին

Ողջոյնի խօսք՝
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս

Տեղի կ՚ունենայ դափնեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում
Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

* * *
Ժողովրդային բողոքի ցոյց
դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն

Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլ 2019
Հաւաքավայր՝ Սինտաղմա, երեկոյեան ժամը 18:30

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ