Իտալիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Թուրքիոյ Կոչ Ընող Բանաձեւը

Աշխարհ, Սփիւռք

Քիչ առաջ Իտալիոյ Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՛ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տալու միջազգային հնչեղութիւն, կը հաղորդէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Նախաձեռնութեան կողմ քուէարկած է 382 պատգամաւոր: Դէմ արտայայտուող չէ եղած, իսկ նախաձեռնութեան քուէարկութեան ձեռնպահ մնացած է 43 պատգամաւոր:

Քուէարկութենէն ետք բոլոր պատգամաւորները ծափողջոյններով ընդունած են որոշումը: