Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին Կեանքէն Ապրուած Պահեր» Գիրքերուն Շնորհանդէսը Մոնթրէալի Մէջ

Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» գիրքերուն շնորհանդէսը, […]

Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Քալիֆորնիա-Հայաստան Առեւտուրի Գրասենեակին Վերաբերող Բանաձեւը

Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը: «Հայաստան Քալիֆորնիոյ համար առեւտրական կարեւոր գործակից մըն է […]

Անհետացման Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներու Մասին Ցուցահանդէս` Թուրքիոյ Մէջ. Ներկայացուած Են Նաեւ Արեւմտահայերէնն ու Համշենի Բարբառը

Մայիս 23-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի թեմայով ցուցահանդէսի բացումը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Gazete Duvar լրատուական կայքէջը: Աղբիւրին համաձայն` 1990-ականներէն մինչեւ այսօր […]

Գանատայի Առաջնորդը Այցելեց Արցախի Վերաբնակեցուած ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ Գիւղ

13 Մայիս 2019-ին, Գանատայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ այցելեց ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ գիւղը եւ հանդիպեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։ Արցախի Հանրապետութեան […]

«Միլիոնէն Մէկը. Ցեղասպանութեան Ականատես Զէյթունցի Պատանիի Մը Յուշերը». «Զարթօնք»-ի Հրատարակութիւն

«Միլիոնէն մէկը. ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը» գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած պատանիի մը մասին, որ կրցած է դիմագրաւել փորձութիւններուն ու կենդանի մնալ` իր պատմութիւնը փոխանցելով սերունդներուն: Ըստ […]

Թերեզա Երիմեան Ստանձնեց Հայ Դատի Կառավարական Հարցերու Վարիչի Պաշտօնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թերեզա Երիմեան ստանձնեց Հայ Դատի կառավարական հարցերու վարիչի պաշտօնը՝ համակարգելու համար Սպիտակ տան, Քոնկրեսի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ յարաբերութիւնները։ «Ուրախ ենք, որ […]

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը

Այսօր ընթացք կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդապահական կարգով գումարուող 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը (Համագումարը), որ այս անգամ եւս՝ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, կը գումարուի քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 23–25 […]

Մեր Երեխաները Ամէն Տեսակ Շահագործումէ Պիտի Պաշտպանենք. Կարօ Փայլան

Նախօրէին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հանդիպած էր պոլսահայ 13-ամեայ հայ պատանի Արթուրի հետ, որ դարձած էր թուրք իսլամական քարոզիչ Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման «զոհը»։ Փայլան Արթուրի հետ հանդիպումէն լուսանկար […]

Կաննի Փառատօնին Կայացած Է Շառլ Ազնաւուրի Մասին Վաւերագրական Ֆիլմին Շնորհանդէսը

Շառլ Ազնաւուրի կեանքին մասին վաւերագրական ֆիլմ մը ներկայացուցած են Կաննի փառատօնին, որ այս օրերուն կ՝ընթանայ Ֆրանսայի Լազուրէ ափին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Շառլ: Յատուկ հայեացք» ժապաւէնին շնորհանդէսը կայացած է ռուսական տաղաւարին մէջ, […]

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մէջ

Յառաջիկայ Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ ապա Անկախութեան յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց […]