Category: Սփիւռք
Տէրունի, Սրբոց Պատկերներու Եւ Խորհրդանոցներու Օծում Գամիշլիի Մէջ
Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեցեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանոցի ու սրբապատկերներու օծում, ձեռամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. […]
Հայկական Գործօնը Աշխարհի Մէջ Իր Ուրոյն Տեղը Կը Սկսի Զբաղցնել․ Թրքագէտ
2019-ը մեր արտաքին քաղաքականութեան դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ պէտք է համարենք, այսպէս կոչուած, ուժերու կուտակման, տեսական խնդիրներ դնելու փորձի շրջան։ Ըստ Armradio.am-ի՝ այս կարծիքը այսօր յայտնած է ԳԱԱ արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն, […]
Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնները Կ՚ողջունեն Ամերիկեան Ծերակոյտի Որոշումը
Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, յանուն Յունաստանի թեմի Ազգային իշխանութիւններուն կ՚ողջունէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի 12 Դեկտեմբեր 2019ին միաձայնութեամբ որդեգրած թիւ 150 բանաձեւը, ամրագրելով Ներկայացուցիչներու Տան […]
Մայամի Պիչը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Մայամի Պիչը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամերիկեան քաղաքի իշխանութիւնը բանաձեւ ընդունած է, որուն նպատակն է ճանաչման միջոցով յարգանքի տուրք մատուցանել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած է քաղաքի խորհուրդի […]
Մահչուփեան Ընտրուած է Տաւութօղլուի Կուսակցութեան Գործադիր Խորհուրդի Անդամ
Դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հիմնադրած «Ապագայ» (Gelecek) կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդի նիստը, որու ընթացքին ընտրուած են կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի, էթիկայի եւ կարգապահական յանձնաժողվներու անդամները․ այս […]
Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի «Հայաստանի Աշխարհագրութեան Մեկնաբանութիւնը՝ Հիմնուած Իսլամական Տեքստերի Վրայ» Գիրքի Շնորհանդէսը
Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 17-ին տեղի ունեցաւ Իսլ. Խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանի հեղինակած «Հայաստանի աշխարհագրութեան մեկնաբանութիւնը՝ հիմնուած իսլամական տեքստերի վրայ» պարսկերէնով լոյս տեսած գրիքի շնորհանդէս-քննարկումը, […]
Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օրուան Ձեռնարկներու Շարք՝ Ռոտոս Կղզիին Մէջ
Արդէն երրորդ տարին ըլլալով, Յունաստանի Երկոտասնեան կղզեխումբի Ռոտոս կղզիին վրայ, ձեռնարկներու շարք մը իրականացաւ, նուիրուած Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Միջազգային Օրուան: ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրացոյցին վրայ 9 Դեկտեմբեր թուականի նշումը՝ իբրեւ «Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային […]
Հայերը Այստեղ Իբրեւ Ահաբեկիչ Կ՛որակեն. Փայլան
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութէան անդամ Կարօ Փայլան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութէան նախարարութեան 2020-ի ամավարկի քննարկման ժամանակ քննադատած էր Թրքական պատմագիտական ու Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնները, որոնց գրաւոր պատասխանը […]
Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Հանդիպի Սուրիոյ Փոխնախագահին Հետ
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին, մշակութային հարցերով Սուրիոյ փոխնախագահ դոկտ. Նաժահ Աթթար ընդունեց խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը: Հանդիպման առանցքները կազմեցին մշակութային եւ քաղաքական հարցեր. փոխնախագահը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայերուն եւ հայ մշակոյթին […]
Լիբանանահայութիւնը 137.573.000 Լ. Ո. Նուիրաբերեց Լիբանանահայութեան
Երէկ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ լիբանանահայութիւնը խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին` ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին: Հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը իր հոգեւոր, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, […]









