Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգներով Կտանսքը Աւելի Հայացաւ

Սփիւռք

Դոկտ. Արա Սայեղ

Պալթեան ծովի վրայ, Լեհաստանի հիւսիսը գտնուող Կտանսք  քաղաքը լեհական արդիւնաբերութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է ու` մեծագոյն նաւահանգիստը: 1980-ականներուն Կտանսքը եղաւ լեհական «Համերաշխութիւն» շարժման ծննդավայրը, որ հիմնական ու որոշիչ դեր ունեցաւ ոչ միայն Լեհաստանի մէջ համայնավար իշխանութեան վերջ տալու գործին մէջ, այլ քաղաքական դիմադրութեան առաջին կայծը հանդիսացաւ տապալելու Արեւելեան Եւրոպայի համագործակցութեան դաշինքը, քանդելու Պերլինի պատը եւ Խորհրդային Միութեան քայքայումն ու կազմալուծումը:  Պէտք է յիշել, որ Լեհաստանի Քրաքով եւ Էլպլոնկ քաղաքներէն ետք, երրորդ խաչքարը տեղադրուած է Կտանսքի մէջ, Ս. Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից, 7 Հոկտեմբեր 2009-ին: Հայաստանէն բերուած հայկական խաչքարի օծումը կատարուած է Սերովբէ վրդ. Իսահակեանի ձեռամբ, նոյն թուականին սոյն եկեղեցւոյ կից տեղի ունեցած է նաեւ հայկական նրբանցքի բացումը:

Բնականաբար լեհահայութիւնը անմասն պիտի չմնար մեր տիտաններէն Մեծն Կոմիտասի եւ Յ.  Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն առիթով նախաձեռնութիւններ կազմակերպելէ, մանաւանդ երբ այս յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ` իբրեւ 2018-2019 թուականներու մեծատաղանդ ու հռչակաւոր մարդոց յոբելեաններ:

Նոյն նպատակով, հայ երաժշտութեան Արարատի` Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած զոյգ համերգներ կազմակերպուեցան Կտանսքի մէջ. առաջինը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, իսկ երկրորդը` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2019-ին, Կտանսքի Հայ միութեան եւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ եւ տեղական մշակութային միութիւններու մասնակցութեամբ: Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Կտանսքի 16-րդ դարու պատմական քաղաքապետարանի մեծ դահլիճին մէջ, ուր ներկայիս կը գտնուի Համապալթեան մշակութային  կեդրոնատեղին: Համերգին ներկայ էին` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ մշակոյթով հետաքրքրուած լեհ բարեկամներ, հայորդիներ: Վերոյիշեալ մշակութային  կեդրոնատեղիի տնօրէնին բացման խօսքէն ու համերգի երաժիշտներու կողմէ մատուցուած զոյգ ազգային քայլերգներէն ետք ներկաներու հոծ բազմութիւնը առիթը ունեցաւ վայելելու հայ դասական, հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան հոգեզմայլ համերգը: Կոմիտասի մեծութեան խորհուրդն ու  հանճարը հայերէն ու լեհերէն լեզուներով տպագրուած բացիկներու ընդմէջէն փոխանցուեցաւ ներկաներուն: Կոմիտասի տպաւորիչ ստեղծագործութիւններու կողքին, համերգի հարուստ յայտագիրը կը պարունակէր նաեւ հայերէն եւ լեհերէն Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նուիրուած ճոխ երգացանկ մը: Այս համերգին իր թովիչ ձայնով մեներգեց յատուկ հրաւէրով Լեհաստան ժամանած հալէպահայ ու Հալէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի երաժշտութեան անցեալի ուսուցիչ, ներկայիս Երեւան ապրող մեներգիչ Արամ Ճապաղջուրեանը, որ դասական երգեցողութեան իր բարձրագոյն երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Բ. Կանաչեան եւ Ա. Խաչատուրեան երաժշտական դպրոցներէն: Նոյնպէս` քանոններով երաժշտական հմայիչ մասնակցութիւն ունեցաւ «Experimental duo» երաժշտական խումբը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսանողուհիներ` Լիլիթ Գէորգեանի եւ Սուսաննա Մանասէրեանի կատարողութեամբ: Վիոլայի եւ կիթառի զմայլիչ նուագով մասնակցեցաւ «GOARM» նուագախումբը, որ կազմուած է Հալէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Հալէպի Բ. Կանաչեան երաժշտանոցի նախկին հալէպահայեր Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու կողմէ, որոնք ներկայիս կ՛ապրին Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ: Ներկաները վայելեցին շնորհալի արուեստագէտներու կողմէ հրամցուած մէկ ժամէ աւելի երկարող երաժշտական յայտագիրը:  Ինքնուրոյն փայլք ու հմայք ունեցող Կոմիտասի եւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութիւնը ճախրեց Կտանսքի դարաւոր շքեղ դահլիճի կամարներուն ներքեւ` իր անզուգական ջերմութեամբ հայացնելով երաժշտական երեկոն, զմայլեցնլով նոյնպէս լեհ ներկաներուն հոգիները: Համերգի աւարտին օրուան փակման ու մանաւանդ կտանսքցիներուն ուղղուած շնորհակալութեան խօսքն ու ամանորեան բարեմաղթութիւնները յղեց Կտանսքի Հայ միութեան ատենապետ Գագիկ Պարսամեանը: Հայ միութիւնը հիմնուած է 13 օգոստոս 2017 թուականին, լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակի տարին ու Կտանսքի ամենագեղեցիկ փողոցներէն մէկուն` Մարիացքայի 34/36-ի վրայ ունի իր կեդրոնատեղին: Պարսամեան հանրածանօթ է նաեւ իբրեւ արուեստագէտ ու գեղանկարիչ, որ Լեհաստանի, Հայաստանի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած է իր զանազան անհատական թէ խմբային ցուցահանդէսները, կազմակերպած է հայ եւ լեհ նկարիչներու արուեստի միջազգային փառատօներ: Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէ սեպտեմբեր 2017-ին պարգեւատրուած է Լեհաստանի «Վերածնունդ ասպետական խաչ» շքանշանով:

Նշենք, որ սոյն համերգի աւարտին Կտանսք քաղաքի քաղաքապետին կողմէ քաղաքապետի ներկայացուցիչը Գ. Պարսամեանը պարգեւատրեց յատուկ պատուոգրով` մշակոյթի բնագաւառին մէջ անոր 35-ամեայ ստեղծագործական վաստակին ու գործունէութեան համար:

Իսկ երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ ուրբաթ երեկոյեան, 13 դեկտեմբեր 2019-ին, Կտանսքի Հնագիտական հնադարեան թանգարանի սրահին մէջ, ուր հայ արուեստագէտները իրենց հիանալի երաժշտական կատարումով անգամ մը եւս հոծ ներկայութիւնը հմայեցին կոմիտասեան ու հայ երաժտութեան առինքնող ու քաղցրահնչուն ընդլայնուած երգացանկով: Երկրորդ համերգի աւարտին  օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով համերգը եզրափակեց հիւրաբար պատարագ մատուցելու համար Կտանսք գտնուող Տարօն վրդ. Ղուլիկեանը: Պարտք է նշել, որ զոյգ համերգներու աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական նուռի քաղցրահամ գինիով:

Ներկայիս սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս Եւրոպայի զանազան հայկական գաղութներու` փոքր, նոր կազմաւորուող թէ նոյնիսկ իբրեւ ինքնավար համարուող համայնքներու համար, հայկական ինքնութիւն պահելը ու մանաւանդ հայ մշակոյթը ծանօթացնելն ու տարածելը բարոյական պարտաւորեցնող մարտահրաւէրներ են`  կազմակերպչական, երիտասարդ մարդուժի, ընկերային ու մանաւանդ նիւթական կաշկանդող ու սահմանափակող պարտադրանքներով: Նման բարձրորակ համերգներ կամ մեր հայ մշակոյթին նուիրուած նախաձեռնութիւններ կազմակերպելը ինքնին գօտեպնդիչ ու խիստ քաջալերական է, կարելի է նոյնիսկ նուիրական եւ օրինակելի համարել, ուստի նեցուկ կանգնինք ու քաջալերող ըլլանք հայ տաղանդաւոր նոր սերունդին մեր անսահման  օժանդակութեամբ: