Սեւակ Պալըքչըն Սպաննած Թուրք Զինուորը 17 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւն կատարելու ընթացքին 2011-ի Ապրիլ 24-ին սպաննուած հայ քաղաքացի Սեւակ Պալըքչըի գործով դատարանը նոր որոշում տուաւ: Այս մասին կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր։-ը։

Արդարեւ, Սեւակի ծառայակից Քըւանճ Աղաօղլուն դիտաւորեալ սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուեցաւ 16 տարի եւ 8 ամիս բանտարկութեան: Աղաօղլու կալանաւորուեցաւ դատական նիստին ընթացքին:

Սեւակի դատական գործը վերաբացուեցաւ 2018-ին: 2013-ին, ռազմական դատարան մը որոշած էր Աղաօղլուի ոճիրը որակել «ոչ-դիտաւորեալ» եւ «զէնքի հետ անփոյթ վարուելու հետեւանք», որուն համար ենթական դատապարտուած էր միայն 4.5 տարուան բանտարկութեան: Սակայն, Պալըքճըի ընտանիքը բողոքարկած էր վերոնշեալ որոշումը:

Քանի որ Թուրքոյ մէջ 2016-ի Յուլիս 15-ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք փակուած էին բոլոր ռազմական դատարանները, Սեւակի գործը յանձնուեցաւ քաղաքացիական դատարանի մը:

Հակազդելով նոր որոշումին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան նշեց, որ հակառակ թրքական դատարանի վճիռին, երկրին մէջ կը շարունակուի պահպանուիլ ատելութեան մթնոլորտը:

«Սեւակ Պալըքչըն սպաննուած է 9 տարի առաջ, Ապրիլ 24-ին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Ոճիրին այդ օրը կատարուած ըլլալուն իրողութիւնը արդէն մեծցուցած է անոր ատելութեան հողի վրայ կատարուած ըլլալուն հաւանականութիւնը: Վերջապէս, 9 տարի անց, դատարանին կողմէ հաստատուեցաւ, որ Սեւակը սպաննուած է դիտումնաւոր կերպով, եւ ամբաստանեալը դատապարտուեցաւ 16 տարի 8 ամիս բանտարկութեան»,- գրեց հայ պատգամաւորը:

Փայլան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ցարդ չէ ապահովուած այնպիսի միջավայր, ուր տեղի պիտի չունենան ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններ:

«Ուստի անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ մէջ ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւնները վերացնելու համար քաղաքական նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչուին: Պէտք է ստեղծենք այնպիսի մթնոլորտ, որ ոչ մէկը նման յանցագործութիւններու թիրախ դառնայ», ընդգծեց ան, աւելցնելով. «13 տարի է ի վեր կը շարունակուի Հրանդ Տինքի դատական գործը: Այս շաբաթ պիտի շարունակենք Հրանդ Տինքի համար պայքարը»: