«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի» Հռչակագիրը Կ՚ընթերցուի Կաթողիկոսութեան Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոսի հաստատած աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ իրադարձութեան մը անդրադառնալը եւ տուեալ տարին այդ թեմային նուիրելը: Այդ իմաստով, վեհափառ հայրապետը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի», իսկ հայրապետին պատգամը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ընթերցեց Մակար եպս. Աշգարեան, Կիրակի, 12 Յունուար 2020ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին: Սրբատառ կոնդակը ընթերցուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեանս թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:

Կոնդակին մէջ նորին սրբութիւնը հիմնականօրէն կ՛անդրադառնայ յատուկ խնամքի կարօտ եզրի սահմանումին՝ ընդգծելով, որ ոմանք ի ծնէ կամ հետագային՝ արկածի հետեւանքով, կրնան ունենալ ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան որոշ տարբերութիւններ, որոնք մասնաւոր հոգածութեան կը կարօտին: Հայրապետը կը նշէ, որ ինչպէս որեւէ ժողովուրդի, մեր ժողովուրդի կեանքին ալ մաս կը կազմեն յատուկ խնամքի կարօտեալներ, որոնց թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ՝ ընկերատնտեսական, առողջապահական եւ այլ ազդակներու հետեւանքով, ու կ՛աւելցնէ, որ անոնք ընկերութեան անբաժանելի մասնիկն են. «Յատուկ խնամքի կարօտ անձեր հարկ է, որ հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունենան ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Անոնց քաղաքացիական իրաւունքներու դոյզն անտեսումն իսկ կը նկատուի խտրականութիւն ու անարդարութիւն, եւ նո՛յնիսկ, կարգ մը երկիրներէ ներս՝ քրէական յանցանքի համազօր վերաբերում», կը յայտնէ նորին սրբութիւնը:

Շնորհիւ գիտութեան յառաջացման եւ մարդկային իրաւունքներուն ու հաւասարակութեան սկզբունքին, յատուկ խնամքի կարօտ մարդոց հանդէպ մօտեցումներն ու մտածելակերպերը փոխուած են. այնուամենայնիւ, Աստուածաշունչին մէջ արդէն իսկ նշուած են զանազան դրուագներ յատուկ խնամքի կարօտ մարդոց մասին, որոնք Քրիստոսի եւ առաքեալներուն նախանձախնդրութեան եւ ուշադրութեան արժանացած են, իսկ եկեղեցին կը շարունակէ համահունչ ըլլալ Աստուածաշունչի մօտեցումին», կ՛ըսէ հայրապետը պատգամին մէջ:

Հռչակագիրին մէջ հայրապետը կը խօսի նաեւ հայ կեանքին մէջ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներուն ներկայութեան մասին եւ կը թելադրէ հրաժարիլ խտրութիւն կամ անտեսում ցուցաբերելէ անոնց հանդէպ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ միջոցներ եւ առիթներ ստեղծել անոնց համար, որպէսզի անոնք եւս մեր ընկերութեան մէջ ներառուին՝ նոյնիսկ մեր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն եւ զանազան յանձնախումբերու մէջ ի հարկին պատասխանատուութիւն վերցնելով. «Զանազան երկիրներու մէջ անոնք կոչուած են բարձրագոյն պաշտօններու: Էականը հոգե-իմացական արժանիքն է ու կարողութիւնը եւ ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը», կը նշէ վեհափառ հայրապետը, աւելցնելով, որ հարկ է մէկ կողմէն բուժուելու կարելիութիւն ունեցողներուն համար մասնագիտական եւ նիւթական միջոցներ ստեղծել, իսկ միւս կողմէ որեւէ աշխատանք կատարել չկարողացողներուն համար նիւթական եկամուտ ապահովել. «Վերջապէս, մեր ազգին արժանապատուութեան դէմ է մնալ անտարբեր՝ ի տես երեխայի մը, որ դժուարութիւն ունի լսելու, խօսելու, սորվելու, քալելու կամ նմանօրինակ այլ դժուարութիւններու ենթակայ է: Մեր ազգին արժանապատուութեան դէմ է փողոցներուն մէջ լքուած ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող անտէր ու անօգնական անձերը, Աւետարանի առակին նման, տեսնել ու անտարբեր գտնուիլ: Պէտք է ամէն գնով օգտակար ըլլալ նման վիճակներու մէջ տառապող մեր ազգի բոլոր զաւակներուն: Սա նուիրական պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան»:

Եզրափակելով, վեհափառ հայրապետը կը խօսի եկեղեցւոյ, Հայաստանի պետութեան եւ մեր կազմակերպութիւններուն դերակատարութեան մասին ու կոչ կ՛ուղղէ ժողովուրդին, որ իր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ յիշէ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիները ու խորացնէ անոնց նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը, հոգեւոր, պետական, ազգային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որ առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանան անոնց մասնագիտական, ընկերային կամ տնտեսական մակարդակներու վրայ, թեմերու առաջնորդներուն, որ գործնապէս օգտակար դառնան անոնց, եւ վերջապէս՝ ունեւոր ազգայիններուն, որ նիւթական կարելիութենէն բաժին մը յատկացնեն յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով անոնց համար:

 

ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ