Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Բերիոյ Հայոց Թեմի Եկեղեցիներէն Ներս

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ 2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերելու աւանդութեամբ, 2020 տարին հռչակեց «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»:

Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ հայրապետական պատգամի ընթերցումը, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիսապետեց պատարագը եւ Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցեց յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան հայրապետական պատգամը ընթերցեց Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:

Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը ընթերցեց:

Հայրապետական պատգամով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովուրդին ուղղելով խօսքը հաստատած է. «Երբ կը մտածէինք 2020 տարուան համար, մեր հաւաքական մտածումի ու քննարկումի կարեւոր ու այժմէական նիւթ մը լուսարձակի տակ բերելու մասին, մեր մտածման սլաքը ուղղուեցաւ դէպի մեր ժողովուրդի կեանքին մաս կազմող ու յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիները։ Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, յատուկ կարիքներ ունեցող մեր զաւակներուն թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել՝ մեր կեանքը դիմագրաւող տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ այլ պատճառներու ու ազդակներու հետեւանքով։ Հետեւաբար, հրամայական կը նկատենք 2020 տարին հռչակել՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ:

Արդարեւ, յատուկ խնամքի կարօտ անձեր կը նկատուին ծնունդով թերի, ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան թերութիւն, անկարողութիւն կամ սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձեր՝ ի ծնէ կամ հետագային արկածներու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կարեւորութեամբ նշած է Աստուածաշունչին հոգածու մօտեցումը ֆիզիքական կամ մտային թերութիւններէ տառապող անձերու նկատմամբ:

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը յայտնած է, թէ հայ կեանքէն ներս ամէն տեղ, բոլոր տարիքի ու տեսակի յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներ ունինք։ Հետեւաբար, անոնց օգտակար ըլլալը նուիրական պարտաւորութիւն համարելով շարք մը յիշեցումներ եւ թելադրութիւններ կատարած է:

Նորին Սրբութիւնը, հայրապետական պատգամին մէջ կոչ ուղղած է ըսելով.-
«1) Մեր ժողովուրդին, մեր աղօթքներուն, մտածումներուն ու աշխատանքներուն մէջ, յիշելու ու մի՛շտ յիշելու նման դժուար կացութեան մէջ գործող մեր ազգին բոլոր զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ու առաւել խորացնելու անոնց նկատմամբ մեր սէրն ու գուրգուրանքը, հոգածութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը՝ գործնապէս ցոյց տալով, թէ անոնք մեր ազգի կեանքին անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմեն։

2) Մեր հոգեւոր, պետական, ազգային, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, թէ՝ հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք այս հայորդիներուն նկատմամբ եւ հետեւաբար, իւրաքանչիւր կառոյց կոչուած է առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ՝ մասնագիտական, ընկերային կամ տնտեսական իմաստով։

3) Մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն ու Ազգ. Իշխանութեանց, մեր պատգամէն եկող թելադրութիւններու լոյսին տակ իրենց կարելին կատարելու, որպէսզի գործնապէս օգտակար հանդիսանան յատուկ հոգածութեան կարօտ մեր զաւակներուն։

4) Մեր ունեւոր ազգայիններուն, որ իրենց ունեցած նիւթական կարելիութենէն բաժին մը յատկացնեն դժուարութեան մատնուած մեր ազգի այս զաւակներուն՝ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով կամ պետական, եկեղեցական ու ազգային կառոյցներուն ճամբով նիւթապէս օգտակար հանդիսանալով»։

Վստահ ենք, որ հայրապետական պատգամի լոյսին տակ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր մարմինները 2020 տարուան ընթացքին քննարկումի նիւթ պիտի դարձնեն եւ օգնութեան ձեռք երկարեն յատուկ խնամքի կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: